Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանատան Երկու Պաշտօնատարներ Սպաննուեցան. Յարձակումին Հեղինակը «Ազատութիւն Պաղեստինին» Բացագանչեց

May 23, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթընի մէջ իսրայէլեան դեսպանատան երկու պաշտօնատարներ` կին մը եւ այր մարդ մը, տեղական ժամանակացոյցով չորեքշաբթի երեկոյեան սպաննուեցան թանգարանի մը մօտ, որ Ամերիկեան-հրէական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած երիտասարդ դիւանագէտներու ընդունելութիւն մը կը հիւրընկալէր:

Ուաշինկթընի ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ յարձակումին հեղինակը Շիքակօ քաղաքի բնակիչ 30-ամեայ Իլիաս Ռոտրիկեզն է, որ նախապէս որեւէ ոճիր չէ գործած, ուստի եւ ապահովական մարմիններու հսկողութեան ենթակայ չէր:

Ան մօտիկ հեռաւորութենէն 10 փամփուշտներ արձակած է իր զոհերուն վրայ: «Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ գործողութեան հեղինակը իր արարքէն ետք 10 վայրկեան  սպասած է ոստիկանութեան ժամանելուն: Ձերբակալուելու ժամանակ «Ազատութիւն Պաղեստինին» բացագանչած է եւ յայտնած, որ արարքը գործած է «Կազայի համար»:

Հետաքննիչներ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Յարձակումին հեղինակը հրէական թանգարանին մէջ շրջեցաւ, կրակեց, ապա ետ դարձաւ եւ թանգարանին մուտքին մօտ նստեցաւ»:

«Էֆ.Պի.Այ.»-ը հաղորդեց, որ ան ինքնագլուխ գործած է, եւ կազմակերպութեան մը անոր անդամակցութեան մասին տեղեկութիւններ չկան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Կրակոցը կը վերագրուի հակասեմականութեան: Պէտք է անմիջապէս կանգ առնեն Ուաշինկթընի մէջ սպանութեան ահաւոր ոճիրները, որոնք անկասկած հիմնուած են հակասեմականութեան վրայ: Ատելութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղ չունին, եւ այսպիսի բաներու պատահիլը ցաւալի է»:

ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Տանի Տանոն մեկնաբանելով դէպքը նշեց, որ անիկա «հակասեմական ահաբեկչական արարք է»: Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւս արարքը «հակասեմական» որակեցին:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Ճակատումներուն Ընդհանուր Հաշիւը` 2-1

Յաջորդը

Իսրայէլացի Պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին. Իսրայէլ Կը Պատրաստուի Իրանի Հիւլէական Կառոյցները Հարուածելու, Եթէ Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւնները Տապալին

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.