Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի. «Եթէ Իսրայէլ Իրանի Հիւլէական Կառոյցները Հարուածէ, Թեհրան Հարուածին Մեղսակից Պիտի Նկատէ Միացեալ Նահանգները, Որոնք Ատոր Համար Իրաւական Պատասխանատուութիւն Պիտի Կրեն»

Մայիս 24, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի հիւլէական կառոյցներուն վրայ Իսրայէլի յարձակումին պարագային Թեհրանը Միացեալ Նահանգները պիտի նկատէ իբրեւ յարձակումին մեղսակից եւ անոնց պիտի ստիպէ ատոր համար պատասխան տալ: Այս մասին յայտարարեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի:

«Իրան կը նախազգուշացնէ սիոնական վարչակարգը զերծ մնալու որեւէ հապճեպ գործողութենէ եւ կը յայտարարէ, որ այս վարչակարգին կողմէ որեւէ սպառնալիք կամ խախտում պիտի ստանայ կոշտ եւ վճռական պատասխան:

«Մենք համոզուած ենք, որ սիոնական վարչակարգին կողմէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հիւլէական կառոյցներուն վրայ յարձակումի պարագային Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը մեղսակից պիտի ըլլայ այս յարձակումին եւ ատոր համար իրաւական պատասխանատուութիւն պիտի կրէ», կ՛ըսուի Արաղչիի` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ղեկավար Ռաֆայէլ Կրոսիին ուղղուած նամակին մէջ, որ հրապարակուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ:

«Իրանը ստիպուած պիտի ըլլայ կրկնուող սպառնալիքներու առնչուած շարք մը քայլեր ձեռնարկելու իր հիւլէական կառոյցները պաշտպանելու համար, որուն մասին պիտի տեղեկացնէ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը», աւելցուցած է իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

Անոր համաձայն, «Իրանի հիւլէական ծրագիրը եղած է եւ կը մնայ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան վերահսկողութեան տակ, եւ գործակալութեան ոչ մէկ զեկուցում ծրագիրի խաղաղ բնոյթէն որեւէ շեղում մատնանշած է»:

«Հիւլէական կառոյցներուն վրայ յարձակումի որեւէ սպառնալիք միջազգային օրէնքի, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կանոնադրութեան խախտում է», նշած է Արաղչի:

«Սի.Էն.Էն.»-ը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու իշխող շրջանակներու աղբիւրները, 21 մայիսին հաղորդած էր, որ Իսրայէլ կը պատրաստուի Իրանի հիւլէական ենթակառոյցները հարուածելու: Պատկերասփիւռի կայանի աղբիւրին համաձայն, նման հարուածի հաւանականութիւնը վերջին ամիսներուն զգալիօրէն աճած է: Հաւանական է, որ Իսրայէլ փորձէ ուժ ցուցաբերել, որպէսզի Թեհրանին ստիպէ Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններուն մէջ զիջումներու դիմել կամ խաթարել կարգաւորման հոլովոյթը:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը իր կարգին, մէջբերելով Իսրայէլացի պաշտօնատարներու յայտարարութիւններ 22 մայիսին հաղորդեց, որ Իսրայէլ կը պատրաստուի Իրանի հիւլէական կառոյցները հարուածելու, եթէ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւնները տապալին:

Իսրայէլացի պաշտօնատարները նշած են, թէ Իրանի վրայ որեւէ յարձակում մէկ հարուած պիտի չըլլայ, այլ առնուազն մէկ շաբթուան վրայ երկարող զինուորական արշաւ մը:

Նախորդը

Նշմար. Լաւ Դիտեցէք Այս Նկարը

Յաջորդը

Անդրադառնալով Վատիկանի Մէջ Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւններու Կարելիութեան. Լաւրով. «Ուղղափառ Պետութիւններուն Համար Անվայել Է Տագնապը Քննարկել Կաթողիկէ Հողերու Վրայ»

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?