Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներ ստացած են արդի հետախուզական տուեալներ, որոնց համաձայն, Իսրայէլ կը պատրաստուի իրանեան հիւլէական կայաններ հարուածելու, այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը շարունակէ Թեհրանի հետ անոր հիւլէական ծրագիրին շուրջ նոր համաձայնութեան հասնելու ջանքերը:
Այդ պաշտօնատարները զգուշացուցած են, որ Իսրայէլի կողմէ իրանեան հիւլէական կայաններու հարուածումը, եթէ տեղի ունենայ, իսրայէլեան քաղաքականութեան մէջ մեծ եւ անակնկալ մագլցում մը պիտի ներկայացնէ, եւ կրնայ Միջին Արեւելքի մէջ լայնածաւալ շրջանային տագնապի յանգեցնել:
«Տակաւին յստակ չէ, եթէ Իսրայէլի ղեկավարները հարուածի վերաբերեալ վերջնական որոշում մը տուած են», «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են պաշտօնատարները:
Ամերիկեան արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը լաւատեղեակ աղբիւր մը մէջբերելով նաեւ հաղորդած է. «Իսրայէլի իրանեան հիւլէական կայաններու վրայ յարձակում մը շղթայազերծելու հաւանականութիւնը անցնող ամիսներուն ընթացքին նկատառելի աճ արձանագրեց»:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց. «Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակումին մասին «Սի.Էն.Էն.»-ի տեղեկատուութիւնը Թել Աւիւին ուղղուած ամերիկեան զգուշացում մըն է, որ այդ քայլին չդիմէ»:


