Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Իրանի Հարցին Մէջ Լուրջ Յառաջընթաց Ունինք»

Մայիս 27, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները յառաջընթաց արձանագրած են Իրանի հետ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելցուցած է, որ մօտիկ ապագային տեղի պիտի ունենայ բանակցութիւններու յաւելեալ փուլ մը, սակայն յստակ ժամանակ չէ նշած:

«Մենք շատ լաւ բանակցութիւններ ունեցանք Իրանի հետ, տեսնենք, թէ անոնցմէ ի՛նչ դուրս կու գայ: Կը կարծեմ, որ մենք իրանեան ճակատին վրայ կրնանք լաւ նորութիւններ ունենալ: (…) Մենք իրական յառաջընթաց ունինք, լուրջ յառաջընթաց», ըսած է Տանըլտ Թրամփ Նիւ Ճըրզիէն Ուաշինկթըն թռիչքի ժամանակ:

Անդրադառնալով Ուքրանիոյ հարցին` Սպիտակ տան ղեկավարը նշած է. «Միշտ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունեցած եմ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, սակայն անոր բան մը պատահած է: Ան ամբողջովին խենթացած է»` աւելցնելով. «Միշտ ըսած եմ, որ ան ամբողջ Ուքրանիան կ՛ուզէ եւ ոչ թէ մէկ բաժինը, եւ թերեւս յստակ կը դառնայ, թէ ատիկա ճիշդ է, սակայն եթէ ընէ, ապա ատիկա Ռուսիոյ տապալումին պիտի յանգեցնէ»:

Թրամփ նաեւ քննադատած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին զինք մեղադրելով, թէ «իր խօսած ձեւով իր երկրին որեւէ ծառայութիւն չի մատուցեր»:

«Անոր բերնէն դուրս եկած ամէն բան խնդիր կը ստեղծէ, ատիկա չեմ սիրեր, եւ աւելի լաւ է, որ դադրի», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Ըստ «Թիւրքիէյ»-ի. Թուրքիան Մտադիր Է Սուրիոյ Մէջ Օդուժի Եւ Ծովուժի Ռազմակայաններ Ստեղծել

Յաջորդը

Փաշազատէն Հայ Առաքելական Եկեղեցին «Դրացիներու Համար Սպառնալիք» Նկատած Է` Էջմիածինը «Ուչմիաձին` Պատմական Ազրպէյճանական Հող» Կոչելով

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?