Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութիւն Չգոյացնելը Վատ Համաձայնութենէն Աւելի Լաւ Է» Կ՛ըսէ Խամենէի

Փետրուար 9, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Այաթոլլա Ալի Խամենէի
Այաթոլլա Ալի Խամենէի

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարեց, որ իր երկրին հիւլէական թղթածրարին շուրջ «համաձայնութիւն չգոյացնելը վատ համաձայնութիւն գոյացնելէն աւելի լաւ է»: Ան կոչ ուղղեց միաժամանակ գլխաւոր հարցերուն եւ մանրամասնութեանց շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:

Ան ըսաւ, որ իրանեան կառավարութիւնն ու բանակցող խմբակը իրենց ամբողջ ջանքը կը թափեն Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերացնելու համար` աւելցնելով, որ եթէ այդ մէկը կարենան իրագործել, լաւ կ՛ըլլայ, իսկ եթէ ոչ, այդ հարցին դիմակայման համար բազմաթիւ ուղիներ գոյութիւն ունին:

Խամենէի շեշտեց. «Ամերիկայի թշնամութիւնը էր եւ կը շարունակէ մնալ յեղափոխութեան խորքին ու իրանցի ժողովուրդին դէմ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ մերժեց առանց համաձայնութեան շրջագիծի մը շուրջ համաձայնութեան Իրանի հետ բանակցութիւնները մարտէն ետք յետաձգելու գաղափարը: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Միւնիխի մէջ Քերրիի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք իր կարգին յայտարարեց. «բանակցութիւններու երկարաձգումը ի շահ ոչ ոքի պիտի ըլլայ»:

Զարիֆ երէկ հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ: Անոնք հիւլէական թղթածրարի հարցին լուծման նկատմամբ լաւատեսութիւն յայտնեցին: Զարիֆ ըսաւ, որ իր երկիրն ու Վեցեակը բանակցութեանց մէջ հասած են այնպիսի կէտի մը, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ տարակարծութեան լուծումը կարելի կը դարձնէ` աւելցնելով, որ այդ ջանքերու յաջողութենէն ետք Վեցեակը պէտք է Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ամբողջովին ջնջէ: «Բոլորը պէտք է գիտակցին, որ Իրանի հետ բանակցութիւնը պատշաճ ուղին է տարակարծութեան նիւթ եղող հարցերու լուծման համար», ընդգծեց Զարիֆ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց, որ պէտք է անմիջական ջանքեր թափել` արգելք հանդիսանալու համար յառաջիկայ ամիս Իրանի եւ մեծ տէրութեանց միջեւ «վատ ու վտանգաւոր» համաձայնութեան մը ստորագրութեան` աւելցնելով, որ այդպիսի համաձայնութիւն մը Իրանին պիտի արտօնէ հիւլէական զէնք ձեռք բերել, ինչ որ պիտի վտանգէ Իսրայէլը:

 

Նախորդը

Յորդանան Կոչ Կ՛ուղղէ Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն Դէմ Պայքարին Մէջ Իրեն Աջակցելու

Յաջորդը

Եգիպտական Դատարան Մը 24 Փետրուարին Թուրքիոյ Դէմ Դատ Մը Պիտի Քննէ

RelatedPosts

Արաբական Վեհաժողովը Կը Պահանջէ Կազայի Վրայ  Յարձակումը Դադրեցնել  Եւ Օժանդակութիւններու Մուտքը Արտօնել
Գլխաւոր լուրեր

Արաբական Վեհաժողովը Կը Պահանջէ Կազայի Վրայ Յարձակումը Դադրեցնել Եւ Օժանդակութիւններու Մուտքը Արտօնել

Մայիս 19, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պաշտօնապէս  Ստանձնեց Պապի Պաշտօնը
Միջազգային

Լեւոն ԺԴ. Պաշտօնապէս Ստանձնեց Պապի Պաշտօնը

Մայիս 19, 2025
Ազրպէյճանն Ու Իրանը Արցախի Մէջ  Միացեալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն
Միջազգային

Ազրպէյճանն Ու Իրանը Արցախի Մէջ Միացեալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?