Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիսի Եւ Փութին «Ռազմավարական Յարաբերութեանց Անշեղ Սկզբունքներ»-ը Կը Վերահաստատեն

Փետրուար 11, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փութին «Քալաշնիքով»-ը կը նուիրէ Սիսիին
Փութին «Քալաշնիքով»-ը կը նուիրէ Սիսիին

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել ֆաթթահ Սիսի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իրենց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց եւ աշխարհի վրայ հրատապ հարցերու շուրջ շարք մը համաձայնութիւններ գոյացուցին` վստահեցնելով, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները «բարձրացած են» նոր մակարդակներու:

Եգիպտոսի նախագահը երէկ իր ռուս պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Փութինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին արծարծած է երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող տարբեր հարցեր եւ վերահաստատած երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական յարաբերութեանց անշեղ սկզբունքները, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ երկկողմանի յարաբերութեանց եւ հասարակական հետաքրքրութեան նիւթ եղող միջազգային հարցերու շուրջ հանդիպումները շարունակելու կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ. «Եգիպտոս Ռուսիան կը նկատէ ռազմավարական բարեկամ մը եւ իսկական դաշնակից մը»:

Սիսի ըսաւ, որ իր պաշտօնակիցին հետ համաձայնած է Եմէնի մէջ արագ լուծման աջակցելու, ինչպէս նաեւ Լիպիոյ եւ Իրաքի հողային ամբողջականութեան շուրջ:

Եգիպտոսի նախագահը ըսաւ, որ քննարկուած հարցերուն շարքին էին ներկայ պայմաններու լոյսին տակ երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութեան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, առեւտրական եւ հացահատիկի ամբարման մարզերուն մէջ համագործակցութեան յառաջ մղումը: Ան ըսաւ, որ համաձայնութիւն գոյացած է երկու երկիրներուն միջեւ ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի եւ հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման մարզերուն մէջ համագործակցութեան շուրջ:

Ռուսիոյ նախագահը իր կարգին յայտնեց, որ «սուրիական ճգնաժամին քաղաքական լուծումի մը գոյացման կարեւորութիւնը շեշտեցինք, եւ ճգնաժամի լուծման օժանդակելու համար Մոսկուայի մէջ սուրիական բանակցութեանց նոր հանգրուան մը կը նախատեսենք»` աւելցնելով, որ Սիսիին ներկայացուցած է Մոսկուայի մէջ սուրիական կառավարական եւ ընդդիմադիր կողմերուն միջեւ բանակցութեանց մանրամասնութիւնները:

Փութին ուրախութիւն յայտնեց Եգիպտոս իր առաջին այցելութեան համար: Նշենք, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Փութին Ռուսիոյ առաջին նախագահն է, որ Եգիպտոս կ՛այցելէ:

Փութին ըսաւ, որ Եգիպտոսի մէջ հիւլէական կայան մը կառուցելու շուրջ նախնական համաձայնութիւն մը գոյացած է:

Փութին Եգիպտոս հասաւ երկուշաբթի գիշեր եւ այս այցելութեան առիթով Սիսիին նուիրեց «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիր մը եւ Եգիպտոսի նախագահը պաշտօնապէս հրաւիրեց Ռուսիա երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան բանակցութիւնները շարունակելու համար:

 

Նախորդը

Ասատ. «Սուրիան Պիտի Չմիանայ Ահաբեկչութեան Դէմ Միջազգային Դաշինքին, Որովհետեւ Ահաբեկչութեան Աջակցողներուն Հետ Չի Կրնար Դաշնակցիլ»

Յաջորդը

Թրքական Ուժեր Կը Ձերբակալեն Լիբանանցի Լրագրող Ֆիրաս Հաթումը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?