Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յորդանան Կոչ Կ՛ուղղէ Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն Դէմ Պայքարին Մէջ Իրեն Աջակցելու

Փետրուար 9, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապտալլա Նսուր
Ապտալլա Նսուր

Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նսուր միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց ահաբեկչական խմբաւորումներու, մասնաւորաբար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ աջակցելու Յորդանանին:

Ան ըսաւ, որ իր երկիրը «ահաբեկչական խմբաւորումներու չարիքներէն» իր սահմանները պաշտպանելուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին մէջ իր դերակատարութիւնը ամրապնդած է: Ան Բրիտանիոյ միջազգային զարգացման հարցերու նախարար Ճասթին Կրինինկի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ Բրիտանիա Յորդանանին աջակցութիւն տրամադրած է, «ինչ որ կարեւոր է, սակայն աւելի կարեւորը այն է, որ Բրիտանիա միջազգային ընտանիքը մղէ ահաբեկչութեան դիմակայման մէջ Յորդանանին օժանդակելու»:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի Յորդանանն ու Ծոցի երկիրները զգուշացուց ահաբեկչութեան աջակցիլ շարունակելէ` աւելցնելով, որ յորդանանեան կառավարութիւնը կը յայտարարէ, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը ռմբակոծած է, երբ Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ կ՛աջակցի եւ աչք կը խփէ ահաբեկիչներու ներկայութեան:

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ իր կարգին յայտնեց, որ «Յորդանան ահաբեկիչներուն ապաստան կու տայ եւ զանոնք կը մարզէ»` աւելցնելով, որ Դամասկոս մեծապէս ինքնազսպում ցուցաբերած է` «մեկնելով Յորդանանի եւ այլ երկիրներու մէջ մեր հարազատներուն ու սիրելիներուն չվնասելու իր նախանձախնդրութենէն»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ միջազգային դաշնակից ուժերը յաջողած են ՏԱՀԵՇ-ի գրաւած տարածքներուն մէկ հինգերորդը ազատագրել եւ սպաննել անոր ղեկավարներուն կէսը: «Պէտք է այս վճռակամութեամբ շարունակենք», ըսաւ ան:

Յորդանանեան օդուժի հրամանատար Մանսուր Ժապպուր իր կարգին յայտնեց. «Մեր վերջնական նպատակը ՏԱՀԵՇ-ը աշխարհի երեսէն բնաջնջելն է, իսկ օդային հարուածները թիրախ դարձուցած են խմբաւորման իշխանը` Ապուպաքր Պաղտատին»:

Ան նշեց, որ Արաբ Բունարի դէմ օդային հարուածներուն պատճառով ՏԱՀԵՇ-ի անդամ 7 հազար զինեալներ սպաննուած են եւ խմբաւորման մարտական կարողութեան 20 առ հարիւրը ջլատուած է:

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

«Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութիւն Չգոյացնելը Վատ Համաձայնութենէն Աւելի Լաւ Է» Կ՛ըսէ Խամենէի

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?