Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու Իրանի Հետ Համաձայնութեան Հարցով Կը Զգուշացնէ Միացեալ Նահանգները

March 4, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նեթանիահու` Քոնկրեսին մէջ
Նեթանիահու` Քոնկրեսին մէջ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրան պէտք է համաձայնի իր հիւլէական գործունէութիւնը առնուազն տասը տարիով սառեցնելու, եթէ կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութիւն մը գոյացնել, բայց եւ այնպէս, Իրանի հետ բանակցութիւնները դժուար թէ համաձայնութեամբ աւարտին:

Օպամա ըսաւ, որ Իրանի շուրջ տարակարծութիւնները Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ յարաբերութեան համար «մնայուն կերպով քանդիչ» պիտի չըլլան, սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իրանի հարցով նախապէս սխալած էր, երբ անցեալ տարի հիւլէական թղթածրարին շուրջ ժամանակաւոր համաձայնութեան մը ընդդիմացաւ:

«Նեթանիահու կատարեց ամէն տեսակի պնդումներ` ասիկա ահաւոր համաձայնութիւն մը պիտի ըլլայ, պատճառ պիտի դառնայ, որ Իրան 50 միլիառ տոլար գումար ձեռք ձգէ, Իրան պիտի չյարգէ համաձայնութիւնը: Անոնցմէ ոչ մէկը ճիշդ դուրս եկաւ», նշեց Օպամա` աւելցնելով. «Այդ հանգրուանին տեսանք, որ Իրան իր ծրագիրը յառաջ մղեց: Եւ բազմաթիւ ձեւերով իր ծրագիրին բաղադրիչ մասեր սահմանափակեց»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ իր հիւլէական ծրագիրը 10 տարիով սառեցնելու Օպամայի պահանջը:

Ան ըսաւ, որ «Օպամայի կեցուածքը անընդունելի եւ սպառնական եզրերու օգտագործումով կատարուեցաւ»` նշելով. «Թեհրան ատիկա պիտի չընդունի»:

Իր կարգին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Քոնկրեսին առջեւ խօսք մը արտասանելով Իրանի հետ համաձայնութեան հարցով Միացեալ Նահանգները զգուշացնելով յայտնեց, որ այն համաձայնութիւնը, որուն շուրջ այժմ բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան, Իրանի պիտի արտօնեն եւ ոչ թէ արգիլեն հիւլէական զէնք ձեռք բերել:

Ան ընդգծեց, որ այս համաձայնութիւնը վատ է եւ ինք բուռն կերպով կ’ընդդիմանայ անոր: Նեթանիահու ըսաւ, որ Իրանի հետ համաձայնութիւնը պիտի վատթարացնէ Միջին Արեւելքի կացութիւնը եւ պահանջեց Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատել: Ան ընդգծեց, որ պատերազմը Իրանի հետ համաձայնութեան այլընտրանք մը չէ, այլընտրանքը աւելի լաւ համաձայնութիւնն է:

 

Նախորդը

Նալբանդեան. «Պաքու Կրկին Կ՛արհամարհէ Միջնորդներուն Առաջարկները»

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզի 12-րդ Պարտութիւնը

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.