Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Ընդդիմադիրներու Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Ասատի Հետ

March 4, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-3-15_Assad-PerincekԹրքական Հայրենիք կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեքի գլխաւորած թուրք ընդդիմադիրներու պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն նաեւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախկին անդամ, նախկին փոխվարչապետ Ապտուլլաթիֆ Շեներ եւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն նախկին երեսփոխան Պիրկիւլ Այման Կիւլեր, երէկ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ պատուիրակութիւնը 28 փետրուարին հասած է Դամասկոս` ընդառաջելով Ասատի հրաւէրին: Պատուիրակութիւնը 2 մարտին հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի եւ Պաաս կուսակցութենէն պատուիրակութեան մը հետ:

Ասատ յայտնեց, որ այցելութիւնը ցոյց կու տայ, որ պետութիւններուն միջեւ իսկական յարաբերութիւնները կը կառուցեն ժողովուրդները եւ ոչ թէ կառավարութիւնները, որոնցմէ մէկ քանին կրնան սուտի վրայ հիմնուած եւ քանդիչ քաղաքականութիւններ որդեգրել, բան մը, որ Էրտողան կը կատարէ` աջակցելով հաւատադրժողական ուժերուն:

«Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը միայն ահաբեկիչներուն դէմ պայքարով չ՛ըլլար, այլ ժողովուրդներու կողմէ իրենց կառավարութեան վրայ ճնշում բանեցնելով, որպէսզի անոնք իրենց կեցուածքը փոխեն, ինչպէս նաեւ այդ վտանգաւոր երեւոյթէն ձերբազատելու համար պետութիւններու միջեւ իսկական համագործակցութեամբ», նշեց Ասատ:

Փերինչեք մէկ օր առաջ Դամասկոսի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած էր, որ «Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը միջազգային ապահովութեան բանալին է»` աւելցնելով. «Մենք այստեղ ենք եւ Միացեալ Նահանգներուն ու անոնց դաշնակիցներուն պիտի ըսենք, որ որեւէ ուժի պիտի չարտօնենք Սուրիան քանդել կամ մասնատել, կամ Թուրքիոյ մէջ հանրապետական համակարգը քանդել»:

 

Նախորդը

Եգիպտոսի Մէջ Թուրքիոյ Դէմ Յարուցուած Դատը Յետաձգուեցաւ 6 Ապրիլին

Յաջորդը

Փենթակոն. «Ուաշինկթըն Չմասնակցեցաւ Թիքրիթին Վերատիրանալու Իրաքեան Գործողութեան»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.