Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ Մուսա Ապու Մարզուք յայտնեց, որ «շարժումին զինուորական թեւը ահաբեկչական նկատելու Եգիպտոսի որոշումը քաղաքական որոշում մըն է եւ հրատապ հարցերու դատարանին իրաւասութիւնը չէ այդպիսի որոշում տալ»:
Ան ըսաւ, որ Համաս չի կրնար ինքզինք պաշտպանել կամ բողոքարկել իր դէմ արձակուած վճիռը, որովհետեւ շարժումը ո՛չ տագնապին, ո՛չ ալ յարուցուած դատական գործին կողմ է:
Համասի ղեկավարներէն Ղազի Համատ իր կարգին յայտնեց, որ Եգիպտոս Կազան պիտի չհարուածէ, որովհետեւ Կազայի հետ Եգիպտոսի յարաբերութիւնները պատմական, եղբայրական ու ազգականական են` աւելցնելով. «Եգիպտոսի քաղաքական ու ապահովական ղեկավարութիւնները Կազան հարուածել չեն ընդունիր»:
Ան ըսաւ, որ եգիպտական կողմին հետ հանդիպումներու ընթացքին վերջինս Եգիպտոսի մէջ Համասի որեւէ արարքի մեղսակցութեան վերաբերեալ որեւէ փաստ չէ ներկայացուցած: