Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատին Կոչ Ուղղելով Շրջանին Մէջ Իրանը Մեկուսացնելու Ցնորքէն Հրաժարելու`, «Թեհրան Պատրաստ Է Շրջանին Մէջ Բոլոր Հարցերը Լուծելու» Կ՛ըսէ Զարիֆ

June 3, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զարիֆ
Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ կոչ ուղղեց` շրջանին մէջ Իրանը մեկուսացնելու ցնորքէն հրաժարելու: Ան նաեւ շրջանին մէջ Եգիպտական առանցքային դերակատարութեան նկատմամբ յոյս յայտնեց:

Զարիֆ քննադատելով Եմէնի մէջ արաբական դաշնակից ուժերու գործողութիւնները ըսաւ, որ «ռմբակոծման ու դրամի միջոցով ապահովութեան հաստատման ժամանակաշրջանը անցած է»` աւելցնելով. «Սէուտական յարձակումին առաջին շաբաթէն ի վեր Իրան, Թուրքիա, Օման եւ Փաքիստան համաձայնեցան առաջարկի մը շուրջ, ըստ որուն, անմիջապէս եւ մնայուն զինադադար կը հաստատուի, մարդասիրական օժանդակութիւններ կ՛ապահովուին, ներեմէնեան երկխօսութեան կը ձեռնարկուի եւ եմէնեան համապարփակ կառավարութիւն մը կը կազմուի: Այդ համաձայնութիւնը վիժեցաւ ամերիկեան հաշիւներով, ըստ որոնց, եմէնցի ժողովուրդին դէմ յարձակումին մասնակցութիւնը նախընտրելի է»:

Զարիֆ ըսաւ, որ Իրան եւ Սէուտական Արաբիա պետութիւններու սահմանները չճանչցող եւ սիւննիի ու շիի միջեւ խտրութիւն չդնող ՏԱՀԵՇ խմբաւորումով ներկայացուած հասարակաց մարտահրաւէրներ ու սպառնալիքներ կը դիմագրաւեն:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը Սէուտական Արաբիոյ կոչ ուղղեց «իրանեան դերակատարութիւնը մեկուսացնելու ցնորքէն հրաժարելու»: Ան Ծոցի երկիրներուն եւ Իրաքին կոչ ուղղեց` հասարակաց հարցերը լուծելու համար «յստակ երկխօսութիւն» կատարելու:

«Իրանի դրացիները առաջնահերթութիւն են, եւ անոնց ուղղուած որեւէ սպառնալիք նաեւ մեզի ուղղուած սպառնալիք է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սուրիոյ դրացի երկիրներուն մէջ արմատացած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն անձնական վրէժ լուծելու փափաքը, եւ գոյութիւն ունին կարգ մը կողմեր, որոնք կ՛ուզեն շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ը զօրացնել»:

«Շրջանին մէջ ոմանք Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ին եւ (Ժապհաթ) Նուսրային ելեւմտական դիւրութիւններ, զէնքեր եւ ապահով միջանցքներ տրամադրեցին», ըսաւ ան:

Խօսելով Իրան-Եգիպտոս յարաբերութիւններուն մասին` իրանեան դիւանագիտութեան պետը Գահիրէին կոչ ուղղեց «շրջանին մէջ մեծ ուժ ըլլալուն համար շինիչ դեր կատարելու»` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին եւ երկու երկիրներուն միջեւ տարակարծութեան ու համաձայնութեան կէտեր գոյութիւն ունին` մաղթելով, որ տարակարծութեան կէտերը կը լուծուին շնորհիւ եգիպտական ղեկավարութեան իմաստութեան:

Զարիֆ ըսաւ, որ շրջանի մասնատումը ոեւէ մէկուն շահին պիտի չծառայէ եւ պիտի վտանգէ համաշխարհային ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:

Ան շեշտեց, որ Իրան Եմէնի կամ Սէուտական Արաբիոյ կայունութիւնը քայքայելուն մէջ շահ չունի եւ կ՛ուզէ այլ դրացիներու հետ ունենալ այն յարաբերութիւնները, որ ունի Օմանի հետ: «Թեհրան պատրաստ է շրջանին մէջ բոլոր հարցերը լուծելու», ընդգծեց Զարիֆ:

 

Նախորդը

Յունաստանի Իշխանութիւնները «Թրքական Հոսք»-ի Յունական Հատուածը 2 Միլիառով Տոլար Կը Գնահատեն

Յաջորդը

Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը Ընտրական Յաղթանակ Արձանագրելու Պարագային Պիտի Արագացնէ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Հոլովոյթը

RelatedPosts

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»

February 14, 2026
Ուաշինկթըն Այցելութիւնը Աւարտելէ Ետք.  Նեթանիահու. «Թրամփին Իրանցիներուն Ճշդած Պայմանները Կրնան Լաւ Համաձայնութեան Յանգեցնել»
Միջազգային

Ուաշինկթըն Այցելութիւնը Աւարտելէ Ետք. Նեթանիահու. «Թրամփին Իրանցիներուն Ճշդած Պայմանները Կրնան Լաւ Համաձայնութեան Յանգեցնել»

February 14, 2026
Շամխանի. «Մեր Հրթիռային Համակարգը Մեր Կարմիր Գիծերուն Մէջ Է Եւ Բանակցելի Չէ»
Միջազգային

Շամխանի. «Մեր Հրթիռային Համակարգը Մեր Կարմիր Գիծերուն Մէջ Է Եւ Բանակցելի Չէ»

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.