
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը, «Պի.Պի.Սի.»-ն եւ «Սի.Էն.Էն.»-ը ամբաստանեց «գերագոյն միտք»-ի ցուցմունքներուն հիմամբ Թուրքիան տկարացնել եւ ապա զայն քայքայել փորձելու յանցանքով:
Էրտողան անձնական «Շոու Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մտածեցէ՛ք այս մասին. այս օրաթերթը («Նիւ Եորք Թայմզ»-ը, «Ա.») 1896-ին նոյն բանը ըրաւ Սուլթան Ապտուլ Համիտին դէմ: Անիկա կը գործադրէ որոշ ուժի մը կողմէ ճշդուած պարտաւորութիւնը: Անիկա այդ ուժին կը ծառայէ` վերջինիս ցուցմունքին համաձայն: Այսօր ալ նոյնը տեղի կ՛ունենայ: Անիկա իր պարտականութիւնը կատարեց Կեզիի դէպքերուն( 2013-ին, «Ա.») ընթացքին եւս, ինչպէս գիտէք: Ճիշդ ինչպէս ըրին «Պի.Պի.Սի.»-ն եւ «Սի.Էն.Էն.»-ը»:
«Նիւ Եորք Թայմզ» վերջերս խմբագրականով մը բուռն կերպով քննադատած էր Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութիւնը սահմանափակելու Էրտողանի քայլերը եւ ՕԹԱՆ-ին ու Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած էր` Էրտողանին յորդորելու` «քանդիչ ընթացքէն ետդարձ կատարելու»:
Էրտողան ըսաւ, որ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը անցեալին նախկին նախարարներ Ատնան Մենտերեսի եւ Թուրկութ Էօզալի դէմ ալ դաւադրութիւն հիւսած է:
«Դուք գիտէ՞ք ինչ է անոնց նպատակը. Թուրքիան տկարացնել, որպէսզի զայն մասնատեն ու քայքայեն եւ ապա զայն կուլ տան: Սակայն պիտի ձախողին: Մենք ատիկա պիտի չարտօնենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ միջազգային վերոնշեալ լրատուամիջոցները «գերագոյն միտք»-ի մը շահերուն կը ծառայեն: