Մէկ շաբաթէ աւելի Հնդկաստանի հարաւային նահանգներուն մէջ հաստատուած արտասովոր տաք եղանակը, որ պատճառ դարձած է 2200 մարդու մահուան, կը շարունակուի: Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս շաբաթ օդի ջերմաստիճանը 45 աստիճանէն պիտի չնուազի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մահուան դէպքերը պիտի աւելնան:
47 աստիճանի հասնող անողոք տաքի ճիրաններուն մէջ յայտնուած հնդիկները կը փորձեն քիչ մը զովանալ գետերուն մէջ, որոնք չափէն աւելի աղտոտած են:
Անտհրա-Փրատեշ ու Թելանկանա նահանգներու հիւանդանոցները լեցուն են արեւահարուած հիւանդներով:
Հետաքրքրական է յատկապէս այն փաստը, որ չափազանց տաք եղանակին պատճառով հնդիկները կրնան ճաշ, օրինակ` ձուածեղ պատրաստել` օգտագործելով միայն արեւուն ճառագայթները: