Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուահապ. «Տիւրզիները Գոյութենական Վտանգ Կը Դիմագրաւեն». Իսրայէլի Նախագահը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Ժապալ Տրուզի Տիւրզիներու Ճակատագիրին Նկատմամբ

June 12, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռուվին Ռիվլին
Ռուվին Ռիվլին

Իսրայէլի նախագահ Ռուվին Ռիվլին հարաւային Սուրիոյ Ժապալ Արապ շրջանին մէջ գտնուող տիւրզիներուն նկատմամբ իր մտահոգութիւնը փոխանցեց Միացեալ Նահանգներուն` նշելով, որ «Սուրիոյ տիւրզիները վտանգուած են»:

«Այն ինչ որ այժմ տեղի կ՛ունենայ ահաբեկում եւ Իսրայէլի սահմանին շատ մօտ գտնուող Ժապալ Տրուզի մէջ կէս միլիոն տիւրզիներու գոյութեան սպառնալիք է», ըսաւ Իսրայէլի նախագահը:

Մինչ այդ, ականատեսներ գերմանական լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Ժապհաթ Նուսրան հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Քալպ Լաուզէ գիւղին մէջ տիւրզի համայնքի 20 անդամներ սպաննած է:

Անոնք նշեցին, որ տիւրզիները սպաննող անձը թունուզցի մըն է եւ կը կոչուի Ապու Ապտել Ռահման Թունուսի: Վերջինս զոհերէն մէկուն տան վրայ յարձակած է եւ պահանջած, որ յանձնեն Սուրիոյ բանակին մէջ պարտադիր զինուորական ծառայութիւն կատարող իրենց որդին, սակայն ծնողքը յայտնած է, որ ան տան մէջ չի գտնուիր, ինչ որ գիւղի բնակչութեան եւ Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ յառաջացուցած է բախում մը, որուն պատճառով ալ 20 տիւրզիներ սպաննուած են:

Մէկ օր առաջ լիբանանեան «Նաշրա» կայքը հաղորդած էր, որ Ժապհաթ Նուսրան նշեալ գիւղին մէջ գլխատած է 40 տիւրզիներ, որոնք կը պատկանին Խալետ, Ռըզք, Շահին, Համատ եւ Ժապր ընտանիքներուն:

Իսլամական խմբաւորումը գիւղի բնակիչներուն արգիլած է հեռանալ գիւղէն, ուր կը գտնուի բիւզանդական ժամանակաշրջանէն մնացած հնագիտական արժէք ունեցող եկեղեցի մը:

Աղբիւրներ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի առողջապահութեան նախարար, լիբանանեան կառավարութեան մէջ տիւրզի համայնքի ներկայացուցիչ Ուաէլ Ապու Ֆաուր վերոնշեալ հարցով մեկնած է Թուրքիա կամ Յորդանան:

Լիբանանեան խորհրդարանի Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ զգուշացուց Սուրիոյ մէջ արաբներուն դէմ իսրայէլեան գրգռութենէն` շեշտելով Տարաայի եւ մերձակայ շրջաններու բնակիչներուն միջեւ հաշտութեան կարեւորութիւնը:

Լիբանանի մէջ Թաուհիտ կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տիւրզիները պատրաստ են պարտութեան մատնելու ահաբեկիչները, իրենց պակսողը միայն զէնքն է, որովհետեւ անոնք «օսմանցիին դէմ իրենց պատերազմին մէջ ոչ ոքէ վախցան»: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի տիւրզիները պատրաստ են օժանդակելու: «Մենք պատրաստ ենք տիւրզիներու պաշտպանութեան համար 200 հազար մարտիկներէ բաղկացած բանակ մը կազմելու, իսկ Քալպ Լաուզէ ջարդին պատասխանատուները Քաթարն ու Թուրքիան են, եւ այդ երկու պետութիւններէն պիտի լուծենք մեր վրէժը», ըսաւ Ուահապ:

Ան յայտարարեց, որ բոլոր անոնք, որոնք լիբանանեան հողամասերուն վրայ Ժապհաթ Նուսրայի հետ կը գործակցին, «անբաղձալի են, եւ մենք չենք կրնար կացութիւնը հակակշիռի տակ պահել»` աւելցնելով. «Ան, որ Իտլիպի մէջ մեզի դէմ կը կռուի, անոր դէմ պիտի կռուինք Լիբանանի մէջ: Ժապհաթ Նուսրայի անդամներէն ոեւէ մէկուն Լիբանանի մէջ մնալը արգիլուած է»:

Ուահապ աւելցուց, որ «Սուրիոյ պետութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն ունի», եւ խօսքը Սուրիոյ նախագահին ուղղելով ըսաւ. «Սուէյտան զէնքի կարիք ունի, եւ զէնք ստանալու որեւէ ուշացման պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ սուրիական պետութիւնը»:

Ան խօսքը լիբանանցիներուն ուղղելով Ուահապ ըսաւ. «Պատրաստուեցէ՛ք ճակատումին, որ համապարփակ պիտի ըլլայ, եթէ Սուէյտայի մէջ մեզ թիրախ դարձնեն: Թող որ դիմադրութեան առանցքին շարքին ըլլանք ի շահ տիւրզիներուն, եւ կը զօրակցինք որեւէ ընտրանքի, որ տիւրզիներուն անվտանգութիւնը կ՛ապահովէ»: Ան աւելցուց, որ տիւրզիներ գոյութենական վտանգ կը դիմագրաւեն եւ զէնքի դիմելուն այլընտրանքը չունին:

«Նաշրա» հաղորդեց, որ երէկ հրասանդէ արձակուած 2 ռումբեր ինկած են Սուէյտա քաղաքին Տպէյսի թաղամասին մէջ` պատճառելով վիրաւոր մը: 3-րդ ռումբ մը ինկած է Նահտա թաղամասին վրայ, իսկ 4-րդ մը` Քանաուաթ թաղամասին վրայ, ուր նիւթական վնասներ արձանագրուած են:

 

Նախորդը

Էրտողան Կոչ Կ՛ուղղէ Որքան Կարելի Է Արագ Ձեւաւորելու Համախոհական Կառավարութիւն Մը

Յաջորդը

Սէուտական Օդուժին Հրամանատարը Սպաննուա՞ծ Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր  Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն
Միջազգային

Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.