Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանցի Երեսփոխան Մը Կը Յայտարարէ. «Ազրպէյճանի Խորհրդարանը Առանց Պատասխանի Պիտի Չձգէ Պունտեսթակի Ոչ Բարեկամական Բանաձեւը»

June 15, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-14-15_MeclisԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու միջխորհրդարանական կապերու հարցերով յանձնախումբի անդամ Ռասիմ Մուսապեկով, Եւրոպական խաղերուն կապակցութեամբ Պաքու գտնուող ռուս երեսփոխաններու պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկրին խորհրդարանը անպատասխան պիտի չձգէ ուրբաթ օր Գերմանիոյ խորհրդարանի` Պունտեսթակի որդեգրած «Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան պահանջ» անունով բանաձեւը:

«Մենք դէմ չենք մարդու իրաւունքներու հարցերով երկկխօսութեան եւ պատրաստ ենք այդ նիւթը քննարկելու եւրոպացի գործընկերներու հետ, առաւել եւս, որ մենք եւս ըսելիք ունինք այդ խնդիրին շուրջ, մասնաւորաբար` Եւրոպայի երկիրներուն մէջ իսլամոֆոպիայի վերաբերեալ: Սակայն մենք դէմ ենք միակողմանի մօտեցումին, մեզ իբրեւ անխելք աշակերտներ ներկայացնելու փորձերուն, որոնց պէտք է դասեր տալ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն մէջ», աւելցուցած է ան:

Մուսապեկով նշած է, որ նման մօտեցումը Ազրպէյճանի համար անընդունելի է: «Կան բաներ, որոնք կը վերաբերին ազգային գերիշխանութեան, եւ մենք չենք արտօներ զայն խախտել», նշած է երեսփոխանը:

Գերմանիոյ իշխող դաշնակից կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ որդեգրուած բանաձեւին մէջ մտահոգութիւն կը յայտնուի Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու պարբերական խախտումներուն, ընդդիմադիր լրատուամիջոցներու դէմ ճնշումներուն եւ քաղաքական բանտարկեալներուն առնչութեամբ: Բանաձեւին որդեգրման առիթ դարձած է Պաքուի մէջ Եւրոպական խաղերու համար գերմանական «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին հաւատարմագրման մերժումը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Գերմանիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը բողոք արտայայտած են Պունտեսթակի «ոչ բարեկամական բանաձեւ»-ին առնչութեամբ, որ «չի համապատասխաներ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ոգիին»:

 

Նախորդը

Միջազգային Դաշինքը ՏԱՀԵՇ-ը Ոչնչացնելու Համար Տասը Տարուան Ժամանակի Կարիքը Ունի

Յաջորդը

Կաթողիկէ Եկեղեցին Կրնայ Վերատեսութեան Ենթարկել Ս. Զատիկի Օրուան Հաշուարկի Ձեւը

RelatedPosts

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին.  Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը  Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի  Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը
Միջազգային

Քալլաս. «Միացեալ Նահանգները Չեն Կրնար Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Պատժամիջոցներու Վերացման Շուրջ Բանակցութիւններ Վարել»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.