
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի կրթութեան նախարար Նեֆթալի Պենեթ կոչ ուղղած է Կոլանի բարձունքներուն վրայ իսրայէլեան բնակեցման վայրերը ամրապնդելու:
Ան իր արտասանած մէկ խօսքին մէջ նշած է. «Նպատակը 5 տարուան ընթացքին Կոլանի մէջ 100 հազար հրեաներ բնակեցնելն է, եւ ազատ աշխարհի ղեկավարները պէտք է ճանչնան Կոլանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը»:
Նեֆթալի աւելցուցած է. «Ես աշխարհի երկիրներուն կոչ կ՛ուղղեմ` մեր կողքին կանգնեցէ՛ք, Կոլանի բարձունքներուն վրայ իսրայէլացիներու գերիշխանութիւնը ճանչցէ՛ք, արդարութեան հաստատման ժամանակը հասած է»:
Ըստ անոր, «Կոլանի բարձունքները 1967-ի Վեցօրեայ պատերազմէն ի վեր Իսրայէլի մաս կը կազմեն, իսկ 1981-ին վարչապետ Մենահիմ Պեկին ապահոված է որդեգրումն ու շրջանին մէջ գործադրումը իսրայէլեան օրէնքին, ու 14 տարուան համար զինուորական իշխանութեան հաստատումը: Օրին աշխարհը պոռպռաց եւ Իսրայէլը քննադատեց, եւ մինչեւ օրս չկայ պետութիւն մը, որ Կոլանը կը ճանչնայ իբրեւ Իսրայէլի մէկ մասը, իսկ ինչ կը վերաբերի աշխարհի կողմէ Այսրյորդանան կոչուածին, այդտեղ պիտի համաձայնինք չհամաձայնիլ»:
Պենեթ զգուշացուց. «Աշխարհը կը շարունակէ երեւակայածին ծրագիր զարգացնել, եւ զայն գործադրելը յաւելեալ ահաբեկչութեան պիտի յանգեցնէ, սակայն Կոլանի մէջ երկրագործական արտադրութիւնները արգիլուած են. ո՞ւր է տրամաբանութիւնը»:
«Ինչո՞ւ կ՛ուզեն, որ մենք Կոլանը տանք Ժապհաթ Նուսրային, ՏԱՀԵՇ-ին կամ Ասատին», ըսած է Պենեթ: