Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օթան Եւ Ռուսիա Զիրար Կը Մեղադրեն

June 18, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ենս Սթոլթենպերկ
Ենս Սթոլթենպերկ

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ եւ Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի միացեալ զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատար, ամերիկացի զօր. Ֆիլիփ Պրիտլաւ «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի ելեկտրոնային տարբերակին վրայ 16 յունիսին հրապարակուած իրենց միացեալ յօդուածին մէջ գրած են, որ Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը մարտահրաւէր է ՕԹԱՆ-ի եւ Պաղ պատերազմի աւարտէն ետք հաստատուած համաշխարհային համակարգին համար:

Հեղինակներուն կարծիքով` դաշինքին կողմէ սկսած «Դաշնակցային վահան» ռազմափորձերը «կը ցուցադրեն, որ ՕԹԱՆ պատրաստ եւ ունակ է յաղթահարելու որեւէ մարտահրաւէր»:

«Մեզմէ հարաւ ՏԱՀԵՇ-ը եւ միւս ծայրայեղական խումբերը քաոս կը սերմանեն եւ ահաբեկչական յարձակումներ կը սադրեն Փարիզէն մինչեւ Թեքսաս», կը նշեն Սթոլթենպերկ եւ Պրիտլաւ` աւելցնելով. «Արեւելքի մէջ Ռուսիան իր կամքը դրացիներուն կը պարտադրէ` առանց անոնց գերիշխանութիւնը հաշուի առնելու»:

«Այս նոր եւ արագօրէն փոխուող կացութեան մէջ ՕԹԱՆ պէտք է արագօրէն հակազդէ եւ արագօրէն իրագործէ որոշումները», կ՛ընդգծեն անոնք:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Մոսկուա մտահոգ է ուժերու ռազմավարական հաւասարակշռութիւնը փոխելու ձգտող ՕԹԱՆ-ի քայլերէն»` աւելցնելով. «Դժուար թէ մէկը հիւլէական զէնքերու զսպիչ կարողութեան չգիտակցի, եւ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ մանրամասն կերպով բացատրեց, որ Ռուսիա ոչ ոքի սահմաններուն կը մօտենայ, այլ ՕԹԱՆ-ի զինուորական ենթակառոյցներն են, որոնք Ռուսիոյ սահմաններուն կը մօտենան»:

«Ռուսիա այդ պատճառով կը ստիպուի որդեգրելու միջոցառումներ` իր շահերը ապահովելու, իր անվտանգութիւնը երաշխաւորելու եւ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար», ըսաւ Փեսքով` աւելցնելով, որ Փութինի խօսքին բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ, որ «Մոսկուա ոեւէ մէկուն մտահոգութիւն պատճառող քայլեր չի կատարեր»:

Ան ըսաւ, որ իր երկիրը պատժամիջոցները եւ դիմակայման թշնամական լեզուն չ՛ընդունիր եւ պատրաստ է գործընկերներուն հետ շինիչ գործակցութեան: «Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանի յայտարարութեանց նման յայտարարութիւնները վերջին տարուան ընթացքին դարձեալ ի յայտ եկան», նշեց ան:

Նախորդը

«Սփիւռքահայ Տեղեկատուական Դաշտը Անցումային Հանգրուանին` Տպագիրէն Թուայնացում» Խորագիրով Կլոր Սեղան

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարը Պաքուին Կոչ Ուղղած Է Ազատ Արձակելու Քաղաքական Բանտարկեալները

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.