Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Իսրայէլեան Կայքի Մը, Իսրայէլ Սուրիոյ Տիւրզիներուն Օժանդակելու Համար Մտադիր Է Կոլանի Մէջ Ստեղծել Ապահովական Գօտի Մը

Յունիս 16, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-15-15_GolanԻսրայէլեան «Ուալահ» կայքը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ աշխատանք կը տանի սուրիական հողերուն վրայ ստեղծելու յատուկ շրջան մը, ուր տիւրզիները կրնան ապաստանիլ` մարդասիրական օժանդակութիւն ստանալու համար:

Ապահովական մարզի իսրայէլացի պաշտօնատար մը, որ ծանօթ է աշխարհի տարբեր երկիրներու, ՄԱԿ-ի մէջ կողմերու եւ Միջազգային կարմիր խաչին հետ այս հարցով Իսրայէլի հաղորդակցութեանց մանրամասնութիւններուն, յայտնած է, որ արեւմտեան պետութիւնները վերջին շրջանին Յորդանանի մէջ կարգ մը շրջանակներու հետ խորհրդակցաբար կարելիութիւնը կը սերտեն Սուրիոյ մէջ տիւրզիներուն մատակարարելու զէնք եւ զինամթերք, որպէսզի անոնք կարենան իրենք զիրենք պաշտպանել` աւելցնելով, որ տակաւին այդ առնչութեամբ որոշում մը չէ տրուած:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի առաջին կայանը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ մերժած է Սուրիոյ տիւրզիներու խումբի մը արտօնել Քնէյթրայի սահմանային անցքին ճամբով Իսրայէլ մուտք գործել եւ Իսրայէլի մէջ տիւրզի համայնքի ղեկավարներուն յղած է երկու պատգամ` Իսրայէլ ջանք պիտի թափէ կարելի եղածին չափ օժանդակութիւն տրամադրելու, սակայն մտադիր չէ Սուրիոյ մէջ պատերազմին միջամտել, ՏԱՀԵՇ-ը կամ այլ կողմ մը ռմբակոծել, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներ հիւրընկալելու մտադրութիւն չունի:

Մինչ այդ, տասնեակներով տիւրզիներ բռնագրաւեալ Կոլանի հիւսիսը գտնուող Սամհատա գիւղին մէջ կատարեցին ցոյց մը` առ ի զօրակցութիւն Սուրիոյ տիւրզիներուն: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ եթէ Սուրիոյ մէջ իրենց եղբայրներուն համար մօտալուտ լուծում մը չգտնուի, Իսրայէլի տիւրզի համայնքի զաւակները կը սպառնան իրենց պայքարին մէջ մագլցում արձանագրել, ներառեալ` արգելք պիտի հանդիսանան, որ սուրիացի վիրաւորներ դարմանումի համար իսրայէլեան հիւանդանոցներ փոխադրուին:

Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Եուսեֆ Ժարպուհ յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգը մեզ պաշտպանելու կարողութիւնը ունի»` աւելցնելով. «Չորս տարուան կռիւներէ ետք բանակը յոգնած է, եւ մենք բանակին կողքին պիտի ըլլանք` դիմակայելու համար դաւադրութիւնը»:

«Մենք գետնի վրայ պիտի ըլլանք` պաշտպանելու համար մեր հողն ու շրջանը: Դիմակայելու համար զէնք ունինք, սակայն ոչ բաւարար չափով», ըսաւ շէյխ Ժարպուհ` աւելցնելով. «Մենք Տարհա կամ Հորան պիտի չերթանք Հորանի բնակիչներուն հետ կռուելու, այլ մեր տուներն ու պատիւը պիտի պաշտպանենք եւ ահաբեկիչներուն դէմ կանգնինք»:

Սուրիոյ մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետը նշեց, որ քաղաքական պատճառներով հարցը յարանուանական խնդիրի կը վերածուի եւ ընդգծեց.«Մեր թշնամանքը ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներուն դէմ է»:

Նախորդը

«Կառավարութեան Կազմութեան Պարտականութիւնը Պէտք Է Ստանձնեն Ընդդիմադիր Կուսակցութիւնները» Կ՛Ըսէ Քըլըճտարօղլու

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?