
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա երէկ այցելեց Դամասկոս` քննարկելու համար Ժընեւի խորհրդակցութեանց շուրջ առնչակից կողմերուն հետ կատարած իր հանդիպումները:
Տը Միսթուրա հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ: Հանդիպումէն ետք Մոալլեմ ըսաւ, որ Դամասկոս կ՛աջակցի ՄԱԿ-ի պատուիրակին քաղաքական լուծման ուղղութեամբ տարած աշխատանքներուն` շեշտելով Մոսկուայի հանդիպումներուն ընթացքին արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ «Ժընեւ-3»-ը յաջողցնելու համար զանոնք շարունակելու կարեւորութիւնը:
Տը Միսթուրա իր կարգին ներկայացուց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու համար Ժընեւի մէջ վերջերս իր կատարած քննարկումներուն արդիւնքները:
Հանդիպումին ներկայ էր Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մքտատ եւ Մոալլեմի խորհրդական Ահմետ Առնուս, ինչպէս նաեւ Տը Միսթուրայի ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները:


