«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը արտակարգ ժողովի մը ընթացքին մերժած է քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած առաջարկը` ահաբեկչական դէպքերը ուսումնասիրելու նպատակով յանձնախումբ ստեղծելու վերաբերեալ:
Խորհրդարանի նիստին ընթացքին քուէարկութեան դրուած առաջարկին կողմ քուէարկած են միայն քեմալականներն ու քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխանները: Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բոլոր երեսփոխանները, իսկ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխաններուն մէկ մասը դէմ քուէարկած են առաջարկին:
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժողովին ընթացքին յայտնած է. «Առանց Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կարելի չէ կառավարութիւն գոյացնել»` աւելցնելով. «Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ հանդիպումները կը շարունակուին»: Ան նշեց. «Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը չ՛ուզեր կառավարութեան կազմին մէջ ըլլալ, սակայն անոնց հետ կապի մէջ ենք»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադառնալով Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշի այն յայտարարութեան, որուն մէջ ան նախագահական պալատը ամբաստանեց Սուրուճի մէջ կատարուած յարձակումին հետ կապ ունենալուն յանցանքով, նշեալ յայտարարութիւնը կոչեց «անկիրթ» եւ Տեմիրթաշէն պահանջեց «իր չափը գիտնալ»:
Մինչ այդ, «ՄեթրոՓՈԼԼ» հետախուզութեան կեդրոնի 7-էն 12 յուլիսին 2074 թուրք քաղաքացիներու մօտ կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համակիրներուն 35 առ հարիւրը, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան համակիրներուն շուրջ կէսը եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան համակիրներուն շուրջ 33 առ հարիւրը կը նախընտրեն, որ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը վերահսկէ Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանին, քան ՏԱՀԵՇ-ը: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համակիրներուն 81 առ հարիւրը աջակցեցան այդ գաղափարին, իսկ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան համակիրներուն 14 առ հարիւրը հակառակ կարծիքը յայտնեցին:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ կատարուելիք միջամտութեան, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան համակիրներուն 87 առ հարիւրին, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 60 առ հարիւրին, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան 74 առ հարիւրին եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 84 առ հարիւրին կարծիքով Թուրքիա «պիտի վնասուի»:
Հարցախոյզին մասնակիցներուն 67 առ հարիւրը նշեց, որ չի զօրակցիր Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան մը:
Պատասխանելով կառավարական հաստատութեանց կողմէ «արմատական իսլամական կազմակերպութիւններու» աջակցութեան հաւանականութեան շուրջ հարցումի մը` իշխող կուսակցութեան համակիրներուն 51,4 առ հարիւրը «ոչ» ըսաւ, իսկ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան համակիրներուն 69 առ հարիւրը, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան համակիրներուն 56 առ հարիւրը եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համակիրներուն շուրջ 71 առ հարիւրը` «այո»:
Միւս կողմէ, «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական բանակը Ալեքսանտրէթի Եայլատաղ շրջանին մէջ մայիսէն սկսած է կառուցել 2,5 մեթր բարձրութեամբ եւ 1 մեթր լայնքով հրթիռներու հարուածներէն չվնասուող պատ մը, որուն 2,5 քիլոմեթրը արդէն կառուցուած է: Բանակը պատին ետին նաեւ խրամատներ փորած է:
Թրքական բանակը յայտարարեց, որ Շըրնաքի մէջ ՔԱԿ-ի մէկ յարձակումին պատճառով 3 զինուորներ սպաննուած են: «Հապերթիւրք» իր կարգին հաղորդեց, որ ՔԱԿ յարձակում գործած է Բիւրակնի մէջ Անգարա-Թեհրան ճամբորդութիւն կատարող շոգեկառքին վրայ: Զինեալներու նետած ականին պատճառով մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած, սակայն վնասուած են շոգեկառքը եւ երկաթուղին:
Թրքական օդանաւեր իրենց կարգին ռմբակոծեցին հիւսիսային Իրաքի Տոհուք նահանգի Պերուարի շրջանը:
Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Հասան Ֆիրուզապատի, քննադատելով Թուրքիոյ օդուժին կողմէ հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի կեդրոններուն ռմբակոծումը, ըսաւ. «ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն դէմ գործողութիւններու անուան տակ այդ կազմակերպութիւնը դիմակայող քրտական խմբաւորումները Թուրքիոյ կողմէ թիրախ դարձնելը ռազմավարական սխալ է: Այդ սխալը դիւրին պիտի դարձնէ ժիհատական իսլամականներու` Թուրքիոյ սահմաններուն հասնիլը»:
Նշելով, որ ՏԱՀԵՇ կ՛ուզէ գերիշխող ուժ դառնալ բոլոր իսլամական երկիրներուն մէջ, Ֆիրուզապատի աւելցուց. «Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը այդ հարցին մէջ բացառութիւն չեն: Անհաւատ ահաբեկչական խումբերուն կատարուող օգնութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի սպառնայ նաեւ այդ երկիրներու անվտանգութեան»: