Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեմիրթաշ ՔԱԿ-ի Եւ Թուրքիոյ Բանակին Կոչ Կ՛ուղղէ Զինադադար Հաստատելու

Օգոստոս 3, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

8-02-15_Turkey-PKK

Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ Թուրքիոյ բանակին հաւասարապէս կոչ ուղղեց զինադադար հաստատելու:

«ՔԱԿ-ը պէտք է անմիջապէս լռութեան մատնէ իր զէնքերը եւ իր մատները վերցնէ բլթակէն: Այս առումով` կառավարութիւնը պէտք է յայտարարէ, որ գործողութիւնները դադրած են, եւ իրենք զոհերու արձանագրումը կանխարգիլելու համար երկխօսութեան ճամբան պիտի հարթեն», ըսաւ ան:

Անգարայի մէջ իր կուսակցութեան գումարած ժողովէն առաջ Տեմիրթաշ լրագրողներուն ըսաւ. «Մենք քննարկած ենք բոլոր զարգացումները, ինչպէս նաեւ այն քայլերը, զորս կրնանք առնել բախումներն ու պատերազմը կանխարգիլելու համար: Քննարկեցինք երկրին խաղաղութիւն բերելու կարելիութիւնները, եւ թէ մեր կուսակցութիւնը ի՛նչ կրնայ ընել այդ հարցերուն լուծման համար»:

«Յայտարարութիւններս կրնան խանգարել ոմանց, ուստի կ՛ուզեմ զանոնք յստակեցնել: Պետութեան կոչ չեմ ուղղեր զէնքերը վար դնելու: Պետութիւն մը կրնա՞յ զէնքերը վար դնել: Պետութիւն մը առանց զէնքի չի կրնար ըլլալ: Պետութիւնը պէտք է ինքզինք պաշտպանէ: Սակայն մատդ բլթակէն վերցնելը այլ բան է: Այստեղ իմ ըսածս փոխադարձ զինադադարի կացութիւն մըն է: Այս կոչը նաեւ անմիջական կերպով կ՛երթայ ՔԱԿ-ին», նշեց Տեմիրթաշ:

Ան մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ փորձեր կան Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը փակելու: «Լսածիս համեմատ (Պուրհան) Քուզու, որ նախագահի խորհրդական նշանակուած է, կը ծրագրէ կուսակցութիւնը փակել… եթէ կարելի ըլլայ նախքան այս տարուան վերջը` ապահովելու համար, որ կուսակցութիւնը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան առջեւ արգելք մը չըլլայ», նշած էր Տեմիրթաշ:

Անդրադառնալով այս հարցին` Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու խոստացաւ ՔԱԿ-ի դէմ պայքարին մէջ անվտանգութեան ու ազատութեան միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահել:

Ան նշեց, որ իր երկիրը առաջին օրէն իսկ ՏԱՀԵՇ-ը ահաբեկչական կազմակերպութիւն հռչակեց եւ Թուրքիա երկրին մէջ թէ անկէ դուրս ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կեդրոնատեղիներուն գոյութեան դէմ է:

Տաւութօղլու քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղեց` «նպաստելու պետութեան մէջ բոլոր կառոյցներու պաշտպանութեան, որովհետեւ բոլորը այդ կառոյցներուն տէրն են»:

Միւս կողմէ, երէկ երկու թուրք զինուորներ սպաննուեցան եւ 31 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ ՔԱԿ-ի զինեալներ Աղրը նահանգին մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը կատարեցին: Անոնք ականուած քարշակով մը յարձակում գործեցին Տողու Պայազիտի մէջ գտնուող զինուորական կեդրոնի մը դէմ: Մէկ օր առաջ Մարտինի Միտեաթ շրջանին մէջ գտնուող ՔԱԿ-ի լարած մէկ ականի պայթումին պատճառով թուրք զինուոր մը սպաննուած էր:

Մինչ այդ, թրքական բանակը հերքեց այն լուրերը, թէ հիւսիսային Իրաքի Զարքալէ գիւղին մէջ ռմբակոծած են քաղաքայիններ` նշելով, որ թիրախը ՔԱԿ-ի մէկ թաքստոցն էր:

 

Նախորդը

Դատապարտելով Պաղեստինցի Նորածինին Ողջակիզումը`. Ապահովութեան Խորհուրդը Յանցագործները Պատասխանատուութեան Կանչելու Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեց

Յաջորդը

Ֆայեատ. «Ոչինչ Կ՛արգելակէ 7 Օգոստոսի Նշանակումները Կատարելու»

RelatedPosts

Փութին Այցելեց Մարիուփոլ
Միջազգային

Փութին Այցելեց Մարիուփոլ

Մարտ 20, 2023
«Վիեննայի Մէջ Դրական Բանակցութիւններ Ունեցանք,  Եւ Լուծումը Դիւանագիտութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան
Միջազգային

Սալման Թագաւորը Ռայիսին Հրաւիրեց Ռիատ

Մարտ 20, 2023
Ասատ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ  Այցելեց. Տնտեսութիւնը` «Քննարկումի  Մեծագոյն Առանցքը»
Միջազգային

Ասատ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Այցելեց. Տնտեսութիւնը` «Քննարկումի Մեծագոյն Առանցքը»

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In