Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Կ՛ուզէ Քրտական Խաղաղութեան Հոլովոյթին Վերականգնումը

Օգոստոս 1, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-31-15_Kurdish-fighter

«Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը լրագրողներուն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն, որ Թուրքիա եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) վերականգնեն քրտական հարցի լուծման խաղաղութեան հոլովոյթը, որ մագլցում արձանագրող բռնարարքներուն պատճառով կանգ առած է:

«Մենք (քրտական հարցի) լուծման կամ աւելի ճիշդ խաղաղութեան հոլովոյթի վերադարձ կ՛ուզենք տեսնել», ըսած է ան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիա-ՔԱԿ խաղաղութեան հոլովոյթը վերջին բռնարարքներուն պատճառով ամբողջովին տապալա՞ծ է, թէ՞ ոչ:

Պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքի ամերիկացի պատուիրակ Պրեթ ՄքԿըրք կը գտնուի Անգարա` թրքական կառավարութեան հետ քննարկելու շարք մը հարցեր, ներառեալ` ՔԱԿ-ի հետ լարուածութիւնը:

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ Հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի դիրքերուն դէմ թրքական յարձակումներուն վերաբերեալ Իրաքի կառավարութեան «ժխտական» կեցուածքը «յուսախաբութիւն կը պատճառէ»: Յիշեցնենք, որ իրաքեան կառավարութիւնը այդ յարձակումները «Իրաքի գերիշխանութեան դէմ վտանգաւոր ոտնձգութիւն» նկատած էր:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ այսօր Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան պատճառով իր երկրին եւ միջազգային հանրութեան անվտանգութիւնը վտանգուած է:

«Դժբախտաբար սուրիական վարչակարգը իր ժողովուրդին դէմ պատերազմին մէջ կը դիմէ տարատեսակ ստոր միջոցներու, նախ եւ առաջ քիմիական զէնքերու, հեռահար հրթիռներու եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու», ընդգծեց Էրտողան:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Տիգրանակերտի հանրապետական դատախազութիւնը հետաքննութեան սկսած է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ, երեսփոխան Սելահաթթին Տեմիրթաշի դէմ: Հետաքննութեան ծիրին մէջ պիտի ուսումնասիրուին 6-8 հոկտեմբեր 2014-ի դէպքերը:

Տեմիրթաշի դէմ հետաքննութիւնը պիտի ընթանայ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի «Հանրային խաղաղութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւններ» բաժինի 214/2 կէտով, որ կ՛ենթադրէ «ժողովուրդին մէկ մասը միւս մասին դէմ զինեալ սադրանքի ենթարկել»:

Եթէ դատախազութիւնը որոշում տայ, որ Տեմիրթաշի գործին մէջ կան յանցանքի տարրեր, ապա պիտի դիմէ Թուրքիոյ խորհրդարանին` քիւրտ քաղաքական գործիչին անձեռնմխելիութիւնը վերցնելու պահանջով: Դատ բացուելու պարագային, քրտական կուսակցութեան ղեկավարը կրնայ մինչեւ 24 տարի բանտարկութեան դատապարտուիլ:

6 հոկտեմբեր 2014-ին Արաբ Բունարի դէմ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումը դատապարտող Տեմիրթաշի խօսքէն ետք, Թուրքիոյ մէջ ընդվզումներու ալիք սկսած էր: Ան իր խօսքին մէջ ըսած էր.«Քոպանիի կոտորածներէն ետք կոչ կ՛ուղղենք 7-70 տարեկան ամբողջ ժողովուրդին դուրս գալու փողոց, գրաւել հրապարակներն ու գործողութիւններու անցնիլ: Այսուհետեւ ամէն տեղ Քոպանի է»:

6-8 հոկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցած ընդվզումներու եւ ցոյցերուն պատճառով զոհուած էին 2 ոստիկաններ, 33 քաղաքացիներ, իսկ 139 ոստիկաններ եւ 212 քաղաքացիներ վիրաւորուած էին: Հրկիզուած եւ վնասուած էին մեծ թիւով ինքնաշարժներ:

Մինչ այդ, «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ ՔԱԿ-ի զինեալներ յարձակում գործած են Փոզանթը գաւառի անվտանգութեան վարչութեան շէնքին դէմ:

Յարձակումին ատեն արձանագրուած փոխադարձ հրացանաձգութեան ընթացքին սպաննուած են երկու ոստիկաններ եւ երկու զինեալներ: Վերջիններուս ձեռքերուն մէջ գտնուող ռումբերը կարելի եղած է վնասազերծել:

 

 

Նախորդը

Եգիպտոս Եւ Սէուտական Արաբիա Ստորագրեցին Արաբական Միացեալ Ուժի Մը Ստեղծումը Նախատեսող «Գահիրէի Հռչակագիր»-ը

Յաջորդը

«Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Եւ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութեան Միջեւ Կառավարութեան Ձեւաւորման Շուրջ Բանակցութիւնները Պիտի Վերսկսին» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

RelatedPosts

Փենթակոն Սուրիոյ Մէջ Թիրախներ  Հարուածած Է Եւ Զգուշացուցած.  «Ոչ Մէկ Խմբաւորում Անպատիժ Պիտի Մնայ»
Միջազգային

Փենթակոն Սուրիոյ Մէջ Թիրախներ Հարուածած Է Եւ Զգուշացուցած. «Ոչ Մէկ Խմբաւորում Անպատիժ Պիտի Մնայ»

Մարտ 25, 2023
Քոպրինեց. «Ռուսիան Մտադիր Չէ Կորսնցնել Յետխորհրդային Տարածքի Տագնապներու  Լուծման Գործին Մէջ Յառաջատար Դերը»
Միջազգային

Քոպրինեց. «Ռուսիան Մտադիր Չէ Կորսնցնել Յետխորհրդային Տարածքի Տագնապներու Լուծման Գործին Մէջ Յառաջատար Դերը»

Մարտ 25, 2023
Սէուտական Արաբիան Իրանէն Խնդրած Է  Միջնորդել Եմէնի Ճգնաժամի Լուծման
Միջազգային

Սէուտական Արաբիան Իրանէն Խնդրած Է Միջնորդել Եմէնի Ճգնաժամի Լուծման

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In