Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Ուիթքոֆը Կամ Վանսը Պիտի Ղրկեմ Իրանցիներուն Հետ Հանդիպում Ունենալու»

Յունիս 18, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆը կամ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վանսը պիտի ղրկեմ իրանցիներուն հետ հանդիպում ունենալու, սակայն հարցը կախեալ է, թէ Ուաշինկթըն վերադառնալէս ետք ի՛նչ պիտի պատահի»:

Նշենք, որ Թրամփ աւարտէն առաջ լքած էր Քանատայի մէջ Եօթներու խմբակի վեհաժողովը:

«Իրանի հետ հիւլէական խնդիրին իսկական աւարտ մը կ՛ուզենք, եւ կը յուսամ Իրանի հիւլէական ծրագիրը կ՛ոչնչացուի առանց ամերիկեան միջամտութեան», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Կը նախատեսեմ, որ իսրայէլացիները պիտի չմեղմացնեն Իրանի վրայ իրենց յարձակումները», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Չըսի, թէ զինադադարի կը ձգտիմ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը դարձեալ կրկնեց. «Իրան հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու մօտ է»:

«Երբ Թեհրանը դատարկելու կոչ ուղղեցի, այդտեղի մարդոց ապահովութիւնը կ՛ուզէի», ըսաւ Թրամփ:

«Չկան փաստեր, թէ Ռուսիան կամ Հիւսիսային Քորէան Իրանի կ՛օգնեն», նշեց ան:

«Իրան շատ լաւ գիտէ, թէ պէտք չէ ձեռք տայ մեր ուժերուն», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը ընկերային ցանցի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնած էր. «Իրան պէտք էր ստորագրէր «համաձայնութիւնը» որ իրենց ըսի ստորագրեն: Ի՛նչ մեղք եւ մարդկային կեանքի կորուստ: Մէկ խօսքով, ԻՐԱՆ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԶԷՆՔ ՈՒՆԵՆԱԼ: Ատիկա շարունակ ըսի: Բոլորը պէտք է անմիջապէս լքեն Թեհրանը»:

Թրամփ նախքան այդ յայտնած էր. «Իսրայէլը, ինչպէս նկատեցիք, շատ լաւ կը գործէ: Իրանին 60 օր տուի, եւ ոչ ըսին, եւ դուք տեսաք, թէ 61-րդ օրը ի՛նչ պատահեցաւ: Ես կապի մէջ եմ երկու կողմերուն հետ, եւ կը կարծեմ համաձայնութիւն մը պիտի ստորագրուի եւ ի վերջոյ բան մը տեղի պիտի ունենայ»:

«Մենք Իրանի հիւլէական զէնք չունենալը երաշխաւորելու ճամբուն վրայ ենք, եւ կը կարծեմ, որ Իրանը անմիտ պիտի ըլլայ, եթէ առաջարկուած համաձայնութիւնը չստորագրէ», յայտնած էր Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Կարեւոր չէ, եթէ Իսրայէլ կարող է Իրանը զինաթափել», ըսած էր ան:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն յայտնած է. «Թրամփ յառաջիկայ օրերուն Իրանին պիտի ներկայացնէ «վերջին առիթի» առաջարկը»:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները Իրանը յորդորեցին «կարելի եղածին չափ շուտ եւ առանց նախապայմաններու վերադառնալու բանակցութիւններու սեղան»: «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ այս մասին յայտնած է ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւր մը:

Աղբիւրը նշեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Ֆատիփոլ «Իրանին կոչ ուղղեցին` արեւմտեան շահերուն հակասող քայլերէ եւ շրջանային որեւէ ընդլայնումէ» եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ գործակցութիւնը դադրեցնելու կամ իւրանիոմի հարստացման իրեն արտօնուած համեմատութենէն անդին անցնելու «որեւէ հիւլէական մագլցումէ ետ կանգնելու»:

Ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւրը նաեւ նշեց, թէ երեք նախարարները նաեւ Իսրայէլի փոխանցեցին այն պատգամը, թէ «անհրաժեշտ է չթիրախաւորել իշխանութիւնները, ենթակառոյցները եւ քաղաքային բնակչութիւնը»:

 

Նախորդը

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփի Վարչակազմը Երկուշաբթի Օր Իրանի Հետ Ժողով Գումարելու Առաջարկ Մը Քննարկած Է

Յաջորդը

Իրան Թել Աւիւի Մէջ Մոսատի Եւ Ամատի Կեդրոնատեղիները Հարուածեց, Իսկ Իսրայէլ Իրանեան Բանակի Սպայակոյտի Նոր Պետն Ալ Ահաբեկեց

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?