Ռուսիան պատրաստ է միջնորդ դառնալու Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ տագնապի լուծման գործին մէջ, այս հարցին շուրջ հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցած են: ՌԲԿ-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
Փեսքովին հարցուցած են, թէ արդեօք միջնորդութեան վերաբերեալ հաղորդակցութիւններ կը նախատեսուի՞ն: «Դուք գիտէք, որ Փութին վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին քանի մը կարեւոր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է», ըսած է ան:
«Մենք կը տեսնենք, որ միջազգային ընտանիքը բաժնուած է ճամբարներու` տեղի ունեցողը դատապարտողներու եւ աջակցողներու: Մենք ատիկա կը փաստենք», ընդգծած է Փեսքով:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբերը միեւնոյն ժամանակ ըսած է, որ Ռուսիոյ մէջ իրանեան իւրանիոմը պահելու առաջարկը կը մնայ ուժի մէջ, սակայն զինուորական գործողութիւններու սկսումով իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ կացութիւնը բարդացած է: Նախապէս կ՛ըսուէր, որ Ռուսիան կրնայ Իրանէն հարստացուած իւրանիոմ ընդունիլ:
«Այս առաջարկը կը մնայ սեղանի վրայ: Անիկա կը մնայ արդիական: Սակայն, ի հարկէ, զինուորական գործողութիւններու սկսումով կացութիւնը լրջօրէն բարդացած է», ըսած է Փեսքով:
Եւրոպական Միութիւնը երէկ աւելի ուշ յայտարարեց. «Ռուսիան Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ առարկայական միջնորդ չէ»: