Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփի Վարչակազմը Երկուշաբթի Օր Իրանի Հետ Ժողով Գումարելու Առաջարկ Մը Քննարկած Է

June 18, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորս աղբիւրներ «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, թէ Սպիտակ տունը Իրանի հետ կը քննարկէ այս շաբաթ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի միջեւ հանդիպումի մը կարելիութիւնը:

Աղբիւրները ամերիկեան կայքին ըսած են, թէ հանդիպումին նպատակը հիւլէական համաձայնութեան հասնելու եւ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ պատերազմին վերջ տալու նախաձեռնութիւն մը քննարկելն է:

Չորս աղբիւրները աւելցուցած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը քննարկած է երկուշաբթի օր ժողով գումարելու առաջարկ մը:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հիքսեթ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ տակաւին Իրանի հետ համաձայնութեան կը ձգտի:

Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի պաշտպանեն Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկացի պաշտօնեաներն ու ամերիկեան շահերը` աւելցնելով, որ Իսրայէլ Իրանի դէմ քայլեր որդեգրեց ինքնապաշտպանութեան համար:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտէն պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեց. «Իրանի հետ զինադադարը պէտք է հիմնուած ըլլայ մեր պայմաններուն վրայ, որոնք տակաւին չեն հասունցած, եւ քաղաքական ղեկավարութեան պիտի ներկայացնենք Իրանի դէմ կարելի լաւագոյն ձեռքբերումը»:

Պաշտօնատարը ըսաւ, որ քաղաքական ղեկավարութիւնը պէտք է ձեռքբերումը վերածէ համաձայնութեան մը, որ կարելի է ընդունիլ:

 

Նախորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Իսրայէլի Դեսպան. «Հինգշաբթի Գիշեր Եւ Ուրբաթ Իրանի Մէջ Պիտի Տեսնէք Անակնկալներ, Որոնց Բաղդատմամբ Փէյճըրներու Պայթումը Դիւրին Պիտի Թուի»

Յաջորդը

Թրամփ. «Ուիթքոֆը Կամ Վանսը Պիտի Ղրկեմ Իրանցիներուն Հետ Հանդիպում Ունենալու»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.