Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Եւ Իսրայէլ 6-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակեցին Զիրար Հարուածել

Յունիս 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան եւ Իսրայէլ երէկ արշալոյսէն սկսեալ շարունակեցին իրարու վրայ յարձակումներ գործել: Երկու կողմերը նաեւ փոխադարձաբար Թեհրանի եւ Թել Աւիւի մէջ շրջաններու բնակիչներու զանոնք լքելու զգուշացումներ ուղղեցին:

Իրան առաջին անգամ ըլլալով օգտագործեց անդրձայնային «Ֆաթթահ» տիպի հրթիռներու առաջին սերունդը` վնասներ եւ հրդեհներ պատճառելով:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց. «Հրթիռները Թել Աւիւի պատրանքներէ տարուած եւ պատերազմ հրահրող դաշնակիցին Իրանի հզօրութեան վերաբերեալ պատգամ յղեցին»: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ նշած էին, թէ կրնան Իրանի վրայ յարձակումներուն միանալ:

Պահակագունդը «Անկեղծ խոստում 3» գործողութեան 11-րդ ալիքի ընթացքին «Ֆաթթահ» հրթիռներու օգտագործումը նկատեց «սիոնական բանակի օդային պաշտպանութեան առասպելի» աւարտին սկիզբը:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը Թել Աւիւի Նիվիէ Ցիտիք շրջանի բնակիչները զգուշացուց, որ պէտք է զայն դատարկեն: Մինչ այդ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի «Էքս»-ի վրայ հրապարակեց հետեւեալ արաբերէն գրառումը. «Սիոնական գոյացութեան դիմակայման մէջ պէտք է ուժեղ կերպով գործել… Սիոնականներուն հետ երբեք սակարկութիւն չկայ»:

Թեհրանի հարաւ-արեւելքը գտնուող Ուարամին քաղաքէն պաշտօնատար մը երէկ նշեց. «Իրանեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Ճաւատապատ շրջանին մէջ վնասազերծեցին «Էֆ-35» տիպի հալածիչ մը»:

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահը նշեց. «Չենք ուզեր պատերազմը դէպի Ծոց ընդլայնել»:

«Աշխարհի բոլոր կողմերուն մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն պիտի խլենք ապահովութեան զգացումը», աւելցուց ան:

Թել Աւիւ իր կարգին յայտարարեց, որ հարուածած է զինուորական դիրքեր: Իսրայէլեան բանակը Կեդրոնական Թեհրանի 18-րդ շրջանի բնակիչները զգուշացուց, որ պէտք է լքեն շրջանը:

Իսրայէլեան բանակը երէկ առտու հաղորդեց. «50 ռմբաձիգներ վերջին ժամերուն յարձակումներ գործեցին Թեհրանի վրայ», ուր պայթումի ձայներ լսուեցան:

Իսրայէլեան բանակը աւելցուց, որ յարձակումներու թիրախ դարձած են ցամաքէ- ցամաք հրթիռներու մասերու եւ մարտական միջոցներու արտադրման դիրքեր, ինչպէս նաեւ Իրանի հիւլէական ծրագիրի քանդման ծիրին մէջ Թեհրանի մէջ հնոցներու սարքերու արտադրութեան դիրք մը:

Իսրայէլ յարձակում գործեց իրանեան մայրաքաղաքի արեւելքը գտնուող եւ Յեղափոխական պահակագունդին կապուած Իմամ Հուսէյն զինուորական համալսարանին վրայ:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը հաղորդեց, որ Իրան պատերազմի սկիզբէն ի վեր Իսրայէլի վրայ շուրջ 400 թեւաւոր հրթիռներ արձակած է:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած է. «Իսրայէլ հակաօդային համակարգերու հրթիռներու պակասէ կը տառապի»:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը իր կարգին մէջբերելով ամերիկեան եւ իսրայէլեան հետախուզական գնահատական մը հաղորդեց, որ Իսրայէլ առանց ամերիկեան մատակարարումներու կրնայ 12 օր հրթիռներու դէմ դնել, եւ իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը այս շաբաթավերջին կրնան նուազ համեմատութեամբ հրթիռներ վնասազերծել` աւելցնելով, որ Իսրայէլ, իր հակաօդային պաշտպանութեան իրողապէս ուժաթափուած համակարգի լոյսին տակ պիտի ստիպուի ընտրել այն, ինչ որ կ՛ուզէ վնասազերծել:

Աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած են. «Իսրայէլի մէջ կը գնահատեն, թէ Իրան տակաւին 1800 թեւաւոր հրթիռներ ունի»:

Իրանեան լրատուամիջոցներու աղբիւրները հաղորդեցին, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը իր լիազօրութիւններուն մեծ մասը փոխանցած է Յեղափոխական պահակագունդին:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յայտնեց. «Իրան Իսրայէլը ոչնչացնելու ռազմավարական ծրագիր ունի, եւ մենք բնաջնջման սպառնալիքը պիտի չընդունինք»:

«Իրանեան հիւլէական խնդիրը վերջնականապէս լուծելու յարմար պահը հիմա է», նշեց Սահեր:

Մինչ այդ, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսի «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Իրանի մէջ հիւլէական զէնքի զարգացման կանոնաւոր ջանքի գոյութեան փաստեր չկան»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Իսրայէլեան հարուածներու պատճառով Խամենէիի զինուորական ու ապահովական գլխաւոր խորհրդատուներու սպանութիւնը անոր մերձաւոր շրջանակին մէջ մեծ բացեր յառաջացուց եւ բարձրացուց ռազմավարական սխալներ գործելու վտանգը»:

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Ալի Պահրէյնի յայտարարեց. «Թեհրան պատրաստ է պատասխանելու Ուաշինկթընին, եթէ Միացեալ Նահանգները Իսրայէլի կողմէ անմիջականօրէն միջամտէ տագնապին»:

Ան նաեւ խոստացաւ «վճռական» եւ «անյապաղ» արձագանգ Իսրայէլի հարուածներուն:

Անոր համաձայն, Թեհրան յարձակումներուն պիտի պատասխանէ «համաչափ կերպով»:

«Մենք որեւէ դժկամութիւն պիտի չցուցաբերենք մեր ժողովուրդը, անվտանգութիւնն ու հողը պաշտպանելու հարցին մէջ: Մենք լուրջ եւ վճռականօրէն պիտի պատասխանենք` առանց որեւէ սահմանափակման», լրագրողներուն ըսաւ Պահրէյնի:

Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներ «կը ծածկեն» Իսրայէլը:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին շեշտեց. «Սիոնական գոյացութիւնը մեծ սխալ գործեց, եւ իր արարքին պատիժը պիտի կրէ: Իրան սիոնական գոյացութեան պիտի չներէ իր օդային տարածքը ոտնահարելը եւ մեր նահատակներուն արիւնը պիտի չմոռնայ»:

«Մեր զինեալ ուժերը պատրաստ են հայրենիքը պաշտպանելու, եւ կը վայելեն պաշտօնատարներու ու ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն զօրակցութիւնը», ըսաւ ան:

«Ամերիկացիները պէտք է իմանան, թէ իրանցի ժողովուրդին կարելի չէ ընկճել, եւ անոնց կողմէ որեւէ զինուորական միջամտութիւն անկասկածօրէն պատճառ պիտի դառնայ վնասներու, զորս կարելի չէ փոխհատուցել», զգուշացուց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը:

«Իրանցի ժողովուրդը տոկունութեամբ պիտի կանգնի պարտադրուած պատերազմին դիմաց, ինչպէս նաեւ նոյն տոկունութեամբ պիտի կանգնի պարտադրուած խաղաղութեան դիմաց: Այս ժողովուրդը որեւէ պարտադրանքի կամ ստիպման պիտի չենթարկուի», յայտարարեց Խամենէի:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան իր կարգին նշեց. «Պէտք է բոլոր քայլերը ազգային միասնականութեան պահպանման նպատակին համար ըլլան, եւ միասնականութեան ճամբով պիտի շրջանցենք որեւէ տագնապ»:

«Եթէ ժողովուրդը մեզի հետ է, ապա որեւէ խնդիր երկրին սպառնալիք պիտի չներկայացնէ», ըսաւ Փեզեշքիան:

Միւս կողմէ, Իրանի վերջին շահի` 1979-ի Իսլամական յեղափոխութեան ժամանակ տապալուած Մոհամետ Ռեզա Փահլաւիի որդին` Ռեզա Փահլաւի Իրանի ժողովուրդին դիմելով յայտնեց. «Իսլամական Հանրապետութիւնը հասած է իր վերջին եւ կը գտնուի կործանման հոլովոյթի մէջ»:

«Այն, ինչ որ սկսած է, անշրջելի է: Ապագան պայծառ է: Վարչակարգի ճնշման կառոյցը կը փլուզուի: Այժմ պարզապէս անհրաժեշտ է համազգային ապստամբութիւն` այս մղձաւանջին մէկ անգամ ընդմիշտ վերջ դնելու համար: Հիմա ժամանակն է ոտքի կանգնելու, ժամանակն է Իրանը վերադարձնելու», ըսած է ան:

Նախորդը

Թրամփ. «Յառաջիկայ Շաբաթը Իրանի Հարցով Վճռորոշ Պիտի Ըլլայ»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Իրան-Իսրայէլ Տագնապի Լոյսին Տակ Սիւնիքի Ուղղուած Ազրպէյճանի Սպառնալիքներուն Աճին Նկատմամբ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?