Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բրիտանիա Օգոստոսի Վերջաւորութեան Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Իր Առաջին Յարձակումը Կատարեց» Կ՛ըսէ Քամերոն

September 9, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տէյվիտ Քամերոն
Տէյվիտ Քամերոն

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն Բրիտանիոյ խորհդրարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ բրիտանական անօդաչու թռչող սարքեր Սուրիոյ մէջ յարձակում գործելով սպաննած են բրիտանացի ժիհատական մը, որ Բրիտանիոյ մէջ յարձակումներ կը ծրագրէր` աւելցնելով.«Այդ յարձակումը կը նկատուի Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ առաջինը եւ տեղի ունեցաւ օգոստոսի վերջաւորութեան ու անօդաչու թռչող սարքով: Յարձակումին պատճառով սպաննուեցան երեք ժիհատականներ, որոնցմէ երկուքը` բրիտանացիներ»` աւելցնելով. «Այսօր, այս խորհրդարանին առջեւ կրնամ ըսել, որ Ռիատ Խան սպաննուեցաւ բրիտանական օդուժին պատկանող առանց օդաչուի թռչող սարքի մը կողմէ 21 օգոստոսին` Սուրիոյ Ռաքքա շրջանին մէջ, զինք փոխադրող ինքնաշարժին դէմ յատուկ օդային հարուածի մը պատճառով»:

Ան նշեց, որ այդ օդային յարձակումը «ինքնապաշտպանութեան համար էր ու կատարելապէս օրինական եւ շղթայազերծուեցաւ ընդհանուր դատախազին հետ խորհրդակցելէ ետք»:

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Ֆալըն իր կարգին յայտարարեց, որ այդ յարձակումը օրինական էր` նշելով, թէ հաւանական էր, որ  բրիտանացի երկու ժիհատականները Բրիտանիոյ մէջ ահաբեկչական յարձակում մը գործէին: Ան նշեց, որ որեւէ երկիր իրաւունք ունի ինքզինք զինեալ յարձակումէ պաշտպանելու:

Ան նաեւ յայտնեց, որ սպաննուած են Բրիտանիոյ քաղաքացիներ Ռիատ Խանն ու Ռուհուլ Ամինը, ինչպէս նաեւ երրորդ զինեալ մը:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, որ «Ֆրանսա Սուրիոյ մէջ իր առաջին հետախուզական թռիչքը կատարեց: Յիշեցնելով, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսաուա Հոլլանտ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ իր երկիրը երեքշաբթի օրուընէ սկսեալ պիտի մասնակցի Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային հարուածներուն:

 

Նախորդը

Տեմիրթաշ.«Տաւութօղլուն Մանկասպան Է»

Յաջորդը

Սպանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ Վարչակարգին Հետ Բանակցելու

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.