Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ Վարչակարգին Հետ Բանակցելու

September 9, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մարկալլօ եւ Ռուհանի
Մարկալլօ եւ Ռուհանի

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուել Կարսիա Մարկալլօ երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ:

Ան Թեհրանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Ժամանակը հասած է ձեռնարկելու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին հետ բանակցութիւններու` արգելք հանդիսանալու համար, որ ՏԱՀԵՇ այդտեղ տեղի ունեցող պատերազմը օգտագործէ գետնի վրայ իր յառաջխաղացքը շարունակելու համար»` աւելցնելով.«Պաշշար Ասատի կառավարութիւնն է, որ զայն հաւնինք կամ ոչ, միջազգային օրինականութիւն ունի եւ ան է, որ ՄԱԿ-ի մէջ աթոռ ունի»:

Ան նշեց, որ ինք կը յիշէ այն խօսքը, որ փետրուար 2012-ին մէկը Միւնիխի մէջ խորհրդաժողովի մը ընթացքին Պաշշար Ասատի մասին ըսած էր, թէ անոր «օրերը հաշւուած են»` աւելցնելով.«Չորս տարի անցաւ, անոր օրերը այլեւս հաշւուած չեն: Տագնապը ստեղծեց բաց մը, զոր կ՛օգտագործէ ՏԱՀԵՇ, ինչպէս նաեւ մարդասիրական տագնապ մը, որ աննախադէպ է»:

«Խաղաղութեան կը հասնին միշտ թշնամիին հետ բանակցելով: Տարակարծիք ըլլալու եւ գետնի վրայ կացութիւնը ընդունելու անհրաժեշտութեան միջեւ տարբերութիւն կայ», ըսաւ սպանական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով.«Եթէ կ՛ուզենք, որ այս կացութիւնը չշարունակուի, պէտք է բանակցութեան սեղան նստինք, սահմանադրութեան բարեփոխում արտօնող շրջագիծ կազմենք եւ հրաւէր ուղղենք պարկեշտ ընտրութիւններու, որոնք կ՛արտօնեն, որ երկրին մէջ իշխանութիւնը ստանձնէ ժողովրդավարական վարչակարգ մը»:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին յայտարարեց.«Սուրիացի ժողովուրդն է, որ իր ճակատագիրը կ՛որոշէ եւ կ՛ընտրէ իր ուզած կառավարութիւնը»:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ հարցին մէջ աշխարհի դիմագրաւած խնդիրը առաջնահերթութիւնները ճշդելն է` աւելցնելով.«Պատրաստ ենք Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատման համար երկխօսութիւն կատարելու որեւէ երկրի հետ»:

Նախորդը

«Բրիտանիա Օգոստոսի Վերջաւորութեան Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Իր Առաջին Յարձակումը Կատարեց» Կ՛ըսէ Քամերոն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.