Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱԿ Սպաննած Է 31 Թուրք Զինուոր

September 8, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

PKK_9-07-15

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) յայտարարեց, որ կիրակի օր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած բախումներուն եւ իր զինեալներուն կատարած յարձակումին ընթացքին սպաննած է 31 թուրք զինուոր:

ՔԱԿ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ հարաւարեւելեան շրջանին մէջ Թուրքիոյ բանակին պատկանող զրահապատ մեքենաներու դէմ ականներ պայթեցնելով սպաննած է 15 թուրք զինուոր: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու այդ յարձակումէն անմիջապէս ետք Անգարայի մէջ անվտանգութեան հարցերու նուիրուած նիստ մը հրաւիրած էր, իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խոստացած էր հակադարձել այդ յարձակումին:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական «Էֆ-16» եւ «Էֆ-4» տիպի կործանիչներ Կորճայքի Տաղլաճա շրջանին մէջ ՔԱԿ-ի 12 կեդրոններ ռմբակոծած են` հակադարձելով կիրակի օրուան յարձակումին:

Էրտողան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ահաբեկիչները» Թուրքիոյ ներքին խաղաղութեան հոլովոյթը օգտագործած են զէնք ու զինամթերք ամբարելու համար: Ըստ Էրտողանի, թրքական բանակը մինչեւ հիմա 2000 «ահաբեկիչներ» սպաննած է:

Ան Թուրքիոյ քաղաքական կուսակցութիւններուն կոչ ուղղեց` Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար միացեալ ճակատ կազմելու` նշելով. «Ահաբեկիչներուն կողքին կանգնող կուսակցութիւնները արդէն ծանօթ են»:

Միւս կողմէ, Տաւութօղլու գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ քննադատեց Եւրոպական Միութեան փոքրաթիւ գաղթականներ ընդունիլը` միութիւնը նկատելով «քրիստոնէութեան ամրոցը»:

«Թուրքիան Սուրիայէն եւ Իրաքէն աւելի քան երկու միլիոն գաղթականներ ընդունեց եւ քաոսին ու Եւրոպայի միջեւ անջատման գօտի մը ստեղծեց», գրած է ան` աւելցնելով. «Եւրոպան գաղթականներու բեռը Թուրքիոյ ուսերուն բեռցնելն ու Եւրոպան իբրեւ քրիստոնէական ամրոց կառուցելը յարմար նկատեց»:

 

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Անդամակցած Ժիհատականներու Խումբ Մը Վնասազերծուած Է

Յաջորդը

Հոլլանտ. «Ֆրանսան Այսօրուընէ Սկսեալ Պիտի Մասնակցի Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Դային Հարուածներուն»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.