Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալեքսանտրեթի Մէջ Անօդաչու Թռչող Սարք Մը Ջախջախուեցաւ. Փութին. «Սուրիոյ Մէջ Գտնուող Ահաբեկիչները Կը Ծրագրեն Այլ Շրջաններու Կայունութիւնը Քայքայել»

Հոկտեմբեր 21, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վլատիմիր Փութին
Վլատիմիր Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նշեց, որ «Սուրիոյ մէջ գտնուող ահաբեկիչները կը ծրագրեն այլ շրջաններու կայունութիւնը քայքայել եւ շարք մը երկիրներէ զինեալներ կը զինուորագրեն»:

«Ահաբեկչութիւնները Սուրիոյ եւ շրջանի այլ երկիրներուն մէջ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ ունին եւ կը ծրագրեն զանոնք ընդլայնել», ըսաւ Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ մեր զինուորական գործողութիւնը ահաբեկչութեան վտանգի դիմակայման Ռուսիոյ կարողութիւնը ցոյց տուաւ»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ ռուս զինուորներուն` ՏԱՀԵՇ-ի դիմակայման մէջ անոնց ցուցաբերած քաջութեան համար:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ նշեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման հանգրուանը պէտք է ներառէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացումը: Ան նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիներու ստեղծումը «ոչ գործնական» լուծում մըն է:

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ թրքական կառավարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յայտարարած են, որ Թուրքիան պատրաստ է ընդունելու Սուրիոյ մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի խորհրդանշական իշխանութեան տակ փոխանցման վեցամսեայ հանգրուան մը` նախքան անոր իշխանութենէն հեռացումը: Անոնք կը նշեն, որ այս հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ այլ դաշնակիցներուն հետ որոշ չափով յառաջդիմութիւն արձանագրած են, եւ այդ վեցամսեայ ժամանակաշրջանի սկիզբի ժամկէտին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյութիւն չունի, «սակայն կը կարծենք, որ այդ հարցը երկար պիտի չտեւէ»:

Միւս կողմէ, թրքական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Սուրիոյ սահմանակից Ալեքսանտրեթ նահանգին մէջ ջախջախուած է անօդաչու թռչող սարք մը: Աւելի ուշ «Հապերլեր» հաղորդեց, որ խանգարումի պատճառով էջք կատարած սարքը կը պատկանի Միացեալ Նահանգներուն:

Յիշեցնենք, որ 16 հոկտեմբերին թրքական բանակը Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ վար առած էր անօդաչու թռչող սարք մը, որուն պատկանելիութիւնը կը շարունակէ անյայտ մնալ:

Մինչ այդ, ՏԱՀԵՇ-էն դասալիք դարձած սուրիացի ղեկավար մը Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած իտալացի Յիսուսեան վարդապետ Փաուլօ Տալոյօ տակաւին ողջ է եւ կը գտնուի Ռաքքայի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թապքա քաղաքին մէջ գործող ուզպեքական գումարտակին վերահսկողութեան տակ գտնուող բանտին մէջ:

 

Նախորդը

Հրապարակային Քննարկում-Արձագանգ 2. Փերինչեքի Արդարացումը Կարող Է Վտանգաւոր Նախադէպ Լինել

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները  Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ  Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»
Միջազգային

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»

Յուլիս 15, 2025
Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ  30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն
Միջազգային

Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ 30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն

Յուլիս 15, 2025
Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը  Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ
Միջազգային

Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?