ՕԹԱՆ-ն ու անոր դաշնակիցները այսօր Միջերկրական ծովուն մէջ ուժի ցուցադրութեան քայլով մը կը սկսին տասնամեակէ մը ի վեր իրենց մեծագոյն ռազմափորձին:
Մէկ շաբթուան վրայ երկարող ռազմափորձին կը մասնակցին 36 հազար զինուորներ, 230 զօրաբաժիններ, 140 օդանաւեր եւ աւելի քան 60 մարտանաւեր:
Ռազմափորձին մասնակից երկիրներու կարգ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ վաղը կը հասնին հարաւային Իտալիա` ներկայ գտնուելու համար զինուորական ցուցադրութեան մը, որուն կը մասնակցին պատերազմական օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ:
Ռազմափորձերը տեղի կ՛ունենան, մինչ ՕԹԱՆ-եան շրջանակներու մէջ գոյութիւն ունին հարցականներ ռուսական վտանգին դիմակայման առնչութեամբ, մանաւանդ որ այդ վտանգը այլեւս չէ սահմանափակուած դաշինքին արեւելեան թեւով: