Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Դատապարտեց Իրանի Մէջ Սէուտական Դիւանագիտական Առաքելութեանց Դէմ Յարձակումները

January 6, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուրթուլմուշ. «Թուրքիա Չի Կրնար Շէյխ Նմըրի
Մահապատիժին Զօրակցիլ, Մանաւանդ
Երբ Քաղաքական Դրդապատճառներով Գործադրուած Է»

SC_0105616

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը բոլոր առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեց Իրան-Սէուտական Արաբիա լարուածութեան լոյսին տակ դիմելու երկխօսութեան եւ որդեգրելու շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու միջոցառումներ:

Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեց Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան եւ հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումները եւ Թեհրանէն պահանջեց իր միջազգային յանձնառութեանց հիմամբ «պաշտպանել դիւանագիտական եւ հիւպատոսական կառոյցները»:

ՄԱԿ-ի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ապտալլա Մուալլեմի նշեց, որ Ռիատի եւ Թեհրանի միջեւ լարուածութիւնը պիտի չազդէ Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն վրայ` աւելցնելով, որ իր երկիրը պիտի մասնակցի Ժընեւի մէջ Սուրիոյ հարցին շուրջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն:

Ան նշեց, որ իր երկիրը Իրանի հետ յարաբերութիւնները պիտի վերականգնէ, «երբ դադրի այլ երկիրներուն ներքին հարցերուն միջամտելէ»:

Իրանի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ սէուտական դեսպանատան միջադէպը անընդունելի է թէ՛ իսլամական, թէ՛ ալ քաղաքային օրէնքով` աւելցնելով, որ սէուտական կառավարութիւնը կը փորձէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ իր կրած պարտութիւնները փոխհատուցել գլխատումներու ճամբով: Իրանեան կառավարութիւնը շեշտեց, որ սէուտական ներկայ քաղաքականութենէն մեծագոյն վնասուողը ինքնին Սէուտական Արաբիան է:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Սթեֆան տը Միսթուրան ուղարկեց Ռիատ եւ Թեհրան երկու կողմերուն միջեւ տեսակէտներու մերձեցում կատարելու համար: Քի Մուն նաեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:

Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն վերջերս սէուտցիները զգուշացուցած է մահապատիժներու գործադրումէն` նշելով, որ իր երկիրը կը վերահաստատէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ մարդկային իրաւանց կացութեան նկատմամբ իր մտահոգութիւնը: Ան ըսաւ, որ իրենք շէյխ Նմըրի դէմ արձակուած վճիռին նկատմամբ վերապահութիւն ունին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ շրջանին մէջ լարուածութեան մագլցումը Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթի յառաջ մղումին պիտի չնպաստէ: Ան նաեւ բացառեց Ուաշինկթընի կողմէ Ռիատի եւ Իրանի միջեւ միջնորդութիւն կատարելու կարելիութիւնը:

Թուրքիոյ կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ Թուրքիա չի կրնար շէյխ Նմըր Նմըրի դէմ մահապատիժի գործադրման զօրակցիլ` աւելցնելով, որ իր երկիրը դէմ է այդ պատիժին, մանաւանդ երբ կատարուած է քաղաքական դրդապատճառներով:

Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ Թուրքիան բարեկամական յարաբերութիւններ ունի Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի հետ եւ չ՛ուզեր, որ անոնք իրարու դէմ կռուին, որովհետեւ ատիկա շրջանի շահերէն չի բխիր:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին մտահոգութիւն յայտնեց Իրան-Սէուտական Արաբիա լարուածութեան առնչութեամբ:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ «Սէուտական Արաբիան չի կրնար շէյխ Նմըրը մահապատիժի ենթարկելու ոճիրը ծածկել մեզի հետ իր յարաբերութիւնները խզելով»` աւելցնելով. «Քննադատութեանց պէտք չէ գլխատումներով պատասխանել»:

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի առաջին փոխնախագահ Վլատիմիր Տեժապարով Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի կոչ ուղղեց` Թեհրան-Ռիատ լարուածութեան նկատմամբ միացեալ կեցուածք որդեգրելու` աւելցնելով, որ բոլոր մեծ տէրութիւնները պէտք է այդ հարցին նկատմամբ միացեալ կեցուածք որդեգրեն: Ան նշեց, որ Պահրէյնի եւ Սուտանի նման շարք մը երկիրներու Սէուտական Արաբիոյ միանալով Իրանի հետ իրենց յարաբերութիւնները խզելը իսլամական աշխարհի երկու ճամբարներու` շիիականի եւ սիւննիականի բաժնուած ըլլալուն ցուցանիշն է:

Նախորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի Բացառիկին. Հերոս Մեր Ժողովուրդին Արժանաւոր Ղեկավարում Ապահովենք

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Պիտի Տեսնէք,  Թէ Իրանի Վերաբերեալ Ի՛նչ Պիտի Կատարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Պիտի Տեսնէք, Թէ Իրանի Վերաբերեալ Ի՛նչ Պիտի Կատարուի»

October 2, 2026
Նեթանիահու. «Տակաւին Կանուխ Է  «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքին Իրանեան  Մեղսակցութեան Գոյութիւնը Հաստատելու»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Տակաւին Կանուխ Է «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքին Իրանեան Մեղսակցութեան Գոյութիւնը Հաստատելու»

October 2, 2026
«Թշնամիի Ճամբարին Կողմէ Որեւէ Նոր Սխալ  Կամ Յարձակում Կարծր Պատասխանի Պիտի Արժանանայ»  Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը
Միջազգային

«Իրաքէն Ամերիկեան Ուժերու Հեռացումը Պատմական Յաղթանակ է Եւ Արեւմտեան Ասիոյ Բոլոր Կողմերէն Անոնց Հեռացման Նախաքայլն Է» Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.