
Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի ազգային ապահովութեան խորհուրդի խորհրդական Մասրուր Պարզանի յայտարարեց. «Իրաքը մասնատուած է: Սիւննիները միացեալ Իրաքին կը հաւատան, երբ իշխանութիւնը իրենց ձեռքը ըլլայ, եւ միացեալ Իրաք կոչուած բան գոյութիւն չունի»` նշելով. «Առանց ժողովուրդի փափաքին ու կամքին Իրաքը միացեալ պահելու որեւէ փորձ դատապարտուած է ձախողութեան»:
Պարզանի նշեց, որ կարիքը կայ իրականութիւնները ընդունելու յանդգնութեան եւ պէտք է քաղաքացիներուն առիթ ընծայել, որպէսզի իրենք որոշեն, թէ ի՛նչ կ՛ուզենք ու կը փափաքինք:


