Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրանի Հետ Տագնապը Պատերազմի Պիտի Չվերածուի» Ըսաւ Պըն Սալման

January 9, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մոհամետ պըն Սալման իշխանը
Մոհամետ պըն Սալման իշխանը

Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ պըն Սալման իշխանը բրիտանական «Տի Էքոնոմիսթ» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին վստահեցուց, որ Իրանի հետ տագնապը երկու երկիրներուն զինեալ ուժերուն միջեւ բախումի պիտի չվերածուի` շեշտելով, որ իր երկիրը Իրանի հետ պատերազմ մը պիտի չարտօնէ:

«Այդպիսի պատերազմ մը շրջանին համար աղէտ մը պիտի ըլլայ եւ անոր հետեւանքները պիտի տարածուին աշխարհի երկիրներուն վրայ, եւ Ռիատ այդ մէկը պիտի չարտօնէ», ըսաւ իշխանը` յայտնելով, որ Ռիատ մտահոգ է Միացեալ Նահանգներու մօտ Միջին Արեւելքի մէջ նուազ դերակատարութիւն ստանձնելու հակումին ի տես` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ պէտք է գիտակցին, որ աշխարհի վրայ թիւ մէկն են եւ ըստ այնմ պէտք է վարուին»:

Ինչ կը վերաբերի Սէուտական Արաբիոյ մէջ վերջերս գործադրուած մահապատիժներուն, ներառեալ` շէյխ Նմըր Նմըրի մահապատիժի գործադրութեան, պըն Սալման ըսաւ. «Այդ վճիռները արձակուած են դատարանէ` հիմնուելով ահաբեկչութեան վերաբերող ամբաստանութիւններու վրայ, դատավարութիւնները կատարուեցան երեք մակարդակի վրայ, ամբաստանեալները իրաւունք ունէին փաստաբան ունենալու եւ անոնց փաստաբանները ներկայ էին միջոցառումներու բոլոր հանգրուաններուն, դատարանին դռները որեւէ լրատուամիջոցի առջեւ բաց էր, եւ դատական բոլոր միջոցառումներն ու յօդուածները հրապարակուեցան: Դատարանը որեւէ խտրութիւն չդրաւ մարդոց միջեւ, ըլլան անոնք սիւննի կամ շիի, որովհետեւ կը քննէ ոճիրը, կը հետեւի ընթացակարգին, դատավարութեան եւ վճիռին, ապա վճիռի գործադրութեան»:

Պատասխանելով այն դիտարկումին, որ շէյխ Նմըրը մահապատիժի ենթարկելը Իրանի մէջ բուռն հակազդեցութեան արժանացաւ, ան հարց տուաւ. «Ի՞նչ կապ ունի սէուտցի քաղաքացիի մը հետ, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ոճիր գործեց եւ անոր դէմ սէուտական դատարանի մէջ վճիռ արձակուեցաւ: Իրանը ատոր հետ ի՞նչ կապ ունի»: Ան այս գծով աւելցուց. «Իրան կը փորձէ շրջանին տիրել»:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Չի Բացառեր Լիպիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Զինուորական Գործողութիւնները

Յաջորդը

Թրքական Ուժեր Ետ Մղած Են Պաաշիքայի Դէմ ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումը. Էրտողան. «Իրաքեան Ճամբարի Մը Դէմ ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումը Ցոյց Կու Տայ, Թէ Մեր Ուժերը Այդտեղ Տեղակայելու Որոշումը Ճիշդ Էր»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.