«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ 2006-2010-ի տուեալներուն հետ համեմատած` 2011-2015 թուականներուն Ազրպէյճան 217 տոկոսով աւելցուցած է ծանր սպառազինութեան ներածումը` այդպիսով դառնալով Եւրոպայի մէջ ծանր սպառազինութիւն ներածող թիւ մէկ երկիրը:
Այս տուեալները նշուած են Սթոքհոլմի մէջ գործող Միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին (SIPRI) կողմէ երկուշաբթի, 22 փետրուարին հրապարակուած զեկուցումին մէջ:
Եւրոպայի մէջ ծանր սպառազինութիւն ներածող երկիրներու ցանկին վրայ երկրորդն է Բրիտանիան, որուն ներածումները վերջին հինգ տարիներուն 17 տոկոսով նուազած են` նախորդ հինգ տարիներուն համեմատ:
Նոյն ժամանակաշրջանին ընթացքին, Ազրպէյճան եօթը անգամով կրկնապատկած է Ռուսիայէն սպառազինութեանց ներածումները: Յատկանշական է, որ մինչ 2006-2010 թուականներուն ռուսական սպառազինութեանց ամբողջ արտահանման միայն 0,7 տոկոսը ծախուած էր Ազրպէյճանին, այդ համեմատութիւնը 4,9 տոկոսի բարձրացած էր 2011-2015-ին: