Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտական Խորհրդարանին Մէջ. Կօշիկի Հարուած` Իսրայէլի Դեսպանին Հետ Հանդիպում Ունեցած Երեսփոխանին

Փետրուար 29, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Egypt_022816

Եգիպտացի երեսփոխան Թուֆիք Աքաշայի եւ Գահիրէի մէջ Իսրայէլի դեսպանին հարցը կը շարունակէ արժանանալ ժողովրդային եւ քաղաքական բուռն հակազդեցութեան:

Երէկ Եգիպտոսի խորհրդարանին մէջ նշեալ հարցով արձանագրուեցաւ դէպք մը. երեսփոխան Քամալ Ահմետ խորհրդարանի նիստին ընթացքին իր կօշիկով հարուածեց Աքաշան, որմէ ետք խորհրդարանին մէջ ստեղծուեցաւ իրարանցում, որուն պատճառով խորհրդարանի նախագահը երկու երեսփոխանները վտարեց դահլիճէն:

Ահմետ մեկնաբանելով իր արարքը յայտարարեց, որ ամէն անգամ, որ Աքաշան տեսնէ, զինք պիտի հարուածէ իր կօշիկով:

Խորհրդարանի բարոյականութեան յանձնախումբը ուրբաթ օր ժողով մը գումարած էր երեսփոխան Թուֆիք Աքաշայի վերաբերեալ` Իսրայէլի դեսպան Հայիմ Քորինի հետ իր տան մէջ հանդիպումին հարցով որոշում մը տալու համար:

Աքաշա առաջին անգամը չէ, որ հանդիպում կ՛ունենայ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ: Ան 2010-ին այցելած էր Պաղեստին եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ չորս ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցած իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ:

Բազմաթիւ փաստաբաններ արդէն անոր դէմ յարուցած են դատական հայց` պահանջելով զինք երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ եւ քաղաքացիութենէ զրկել, ինչպէս նաեւ անոր պատկանող պատկերասփիւռի կայանը փակել:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Միջեւ Ստորագրուած Են Աւելի Քան Տասնեակ Մը Փաստաթուղթեր

Յաջորդը

Ըստ Նախնական Արդիւնքներուն. Բարեկարգչականները Ապահոված Են Թեհրանի Ընտրատարածքին Բոլոր Աթոռները

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր  Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ

Դեկտեմբեր 9, 2025
Թրամփ. «Որոշ Չափով Հիասթափուած Եմ,  Որովհետեւ Զելենսքին Տակաւին  Խաղաղութեան Ծրագիրը Չէ Կարդացած»
Միջազգային

Թրամփ. «Որոշ Չափով Հիասթափուած Եմ, Որովհետեւ Զելենսքին Տակաւին Խաղաղութեան Ծրագիրը Չէ Կարդացած»

Դեկտեմբեր 9, 2025
Փեսքով. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Կողմերը  Հետզհետէ Աւելի Կը Հասկնան,  Թէ Պէտք Է Լռութեան Մէջ Աշխատին»
Միջազգային

Փեսքով. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Կողմերը Հետզհետէ Աւելի Կը Հասկնան, Թէ Պէտք Է Լռութեան Մէջ Աշխատին»

Դեկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?