Միջազգային

Իրանեան Քարիւղով Բեռնաւորուած  Առաջին Նաւը Հասած Է Եւրոպա

Իրանեան Քարիւղով Բեռնաւորուած Առաջին Նաւը Հասած Է Եւրոպա

«Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ մէկ միլիոն տակառ իրանեան քարիւղով բեռնաւորուած «Մոնթէ Թոլետօ» նաւը 6 մարտին հասած է Եւրոպա: «Պլումպըրկ»-ի տուեալներով` նշեալ նաւը Իրանէն Եւրոպա տարածքը անցած է 17 օրուան մէջ: «Մոնթէ Թոլետօ»-ն 16 յունուարին Պրիւքսէլի կողմէ 2012-էն ի վեր Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն ջնջումէն ետք, Իրանէն Եւրոպա քարիւղ հասցուցած առաջին նաւն է: Գործակալութեան տուեալներուն համաձայն, 275 մեթր երկարութեան բեռնանաւը հասած...

Միացեալ Նահանգներ Օդուժի Երկրորդ  Ռազմակայան Կը Կառուցեն  Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ

Միացեալ Նահանգներ Օդուժի Երկրորդ Ռազմակայան Կը Կառուցեն Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով քրտական «ՊասՆիուզ» կայքը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ գրեթէ աւարտած են հիւսիսային Սուրիոյ Հասաքա նահանգին մէջ օդուժի առաջին կայանի կառուցումը եւ անցած են երկրորդի մը ստեղծման: Միացեալ Նահանգներ կը ծրագրեն երկրորդ կայանը կառուցել հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, որ կը գտնուի քիւրտերու վերահսկողութեան տակ: Կայքին տուեալներով` ամերիկեան օդուժի ռազմակայանները կրկնակի նպաստ ունին. այդ տեղերէն պիտի կատարուին թէ՛ քաղաքական,...

Պոլսոյ Մէջ Քիւրտերուն Դէմ  Յատուկ Գործողութիւն

Պոլսոյ Մէջ Քիւրտերուն Դէմ Յատուկ Գործողութիւն

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական ոստիկանութիւնը Պոլսոյ մէջ յատուկ գործողութիւն շղթայազերծած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ: Գործողութեան ընթացքին կատարուած են բազմաթիւ ձերբակալութիւններ: Ձերբակալուածներուն թիւն ու ինքնութիւնները չեն հրապարակուիր:  

«Թուրքիան Պատրաստ Է Ահաբեկչական  Խմբաւորումներուն Դէմ Պայքարելու Համար  Ամբողջական Կերպով Գործակցելու Իրանի Հետ»  Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

«Թուրքիան Պատրաստ Է Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն Դէմ Պայքարելու Համար Ամբողջական Կերպով Գործակցելու Իրանի Հետ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Տաւութօղլու եւ Ռուհանի Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու շաբաթ օր Իրան իր կատարած երկօրեայ այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիան ու Իրանը շրջանին մէջ յարանուանական տագնապին վերջ տալու համար պէտք է «հասարակաց տեսլական» մը զարգացնեն: Տաւութօղլու, որ իբրեւ վարչապետ առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէր Իրան, երկրի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիան պատրաստ է ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու համար Իրանի...

Էրտողան Կ՛առաջարկէ Թուրք-Սուրիական Սահմանին Վրայ Տեղահանուածներուն Համար Քաղաք Մը Կառուցել

Էրտողան Կ՛առաջարկէ Թուրք-Սուրիական Սահմանին Վրայ Տեղահանուածներուն Համար Քաղաք Մը Կառուցել

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան առաջարկեց միջազգային ընտանիքին օժանդակութեամբ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կառուցել քաղաք մը, որ մօտիկ է Թուրքիոյ սահմանին, եւ այդտեղ բնակեցնել սուրիացի տեղահանուածները: Էրտողան աւելցուց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային հետ այդ մասին խօսեցանք եւ նոյնիսկ վայրը ճշդեցինք, սակայն մինչեւ հիմա ծրագիրը իր աւարտին հասցնելու համար պէտք եղած ժամկէտը չճշդուեցաւ»: 2,7 միլիոն սուրիացի տեղահանուածներ հիւրընկալող...

Ուաշինկթըն Կը Քննադատէ.  Եւրոպական Միութիւնը Անգարային  Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Խօսքի Ազատութիւնը

Ուաշինկթըն Կը Քննադատէ. Եւրոպական Միութիւնը Անգարային Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Խօսքի Ազատութիւնը

Թրքական ոստիկանութիւնը շաբաթ օր դարձեալ արցունքաբեր կազ օգտագործեց ցրուելու համար «Զաման» օրաթերթի խմբագրատան առջեւ հաւաքուած ցուցարարները, որոնք կը բողոքէին ապահովական ուժերուն կողմէ խմբագրատան գրաւման դէմ: Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործեց` ցրուելու համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ընդդիմախօս օրաթերթի խմբագրատան առջեւ հաւաքուած ցուցարարները: Թրքական իշխանութիւններուն այդ քայլը արժանացաւ Արեւմուտքի քննադատութեան: Եւրոպական Միութիւնը Անգարային կոչ ուղղեց յարգելու խօսքի ազատութիւնը:...

Եւրոպական Միութիւնը  Թուրքիոյ Պայմանաժամ Ճշդած Է

Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Պայմանաժամ Ճշդած Է

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ պայմանաժամ ճշդած է ապօրինի գաղթականներու Եւրոպա մուտքը կասեցնելու կամ նուազեցնելու հարցին վերաբերեալ: Թուրքիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Հանսեորկ Հապեր յայտարարած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները  Եւրոպա հասնող ապօրինի գաղթականներուն թիւը պէտք է կանգնեցնեն կամ զգալի կերպով նուազեցնեն մինչեւ 1 յունիս, երբ Անգարայի եւ Պրիւքսէլի միջեւ կնքուած համաձայնագիրը պիտի մտնէ ուժի մէջ: Միացեալ...

Սոֆիա Էրտողանը Պուլկարիոյ  Ազատագրութեան Տարեդարձին Չէ Հրաւիրած

Սոֆիա Էրտողանը Պուլկարիոյ Ազատագրութեան Տարեդարձին Չէ Հրաւիրած

Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց այն լուրերը, թէ Պուլկարիան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հրաւիրած է Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութենէն իր ազատագրութեան տօնակատարութեան` նշելով, որ այդ լուրերը շինծու են: Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներէն Լիոնիտ Ապրամով 1877 եւ 1878 թուականներուն Պուլկարիան Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութենէն ազատագրելու համար զոհուած ռուսերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին յայտնեց, որ պուլկար ժողովուրդը լաւ գիտէ...

Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ  Եւ Իտալիոյ Ղեկավարները  Քննարկեցին Սուրիոյ Տագնապի Հարցը

Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ Եւ Իտալիոյ Ղեկավարները Քննարկեցին Սուրիոյ Տագնապի Հարցը

Իտալական կառավարութենէն աղբիւր մը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Իտալիոյ ղեկավարները երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապը: Աղբիւրը աւելցուց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել, Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն եւ Իտալիոյ վարչապետ Մաթիու Ռենզի Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան շուրջ զրուցած են: Էլիզէի պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց,...

Թունուզ. «Արաբ Ներքին Գործոց Նախարարներու  Հաղորդագրութիւնը Հըզպալլան  Ահաբեկչական Չի Նկատեր Եւ Պարտադիր Չէ»

Թունուզ. «Արաբ Ներքին Գործոց Նախարարներու Հաղորդագրութիւնը Հըզպալլան Ահաբեկչական Չի Նկատեր Եւ Պարտադիր Չէ»

Թունուզի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Թունուզի մէջ մարտ 2016-ին գումարուած արաբ ներքին գործոց նախարարներու ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը Հըզպալլան «ահաբեկչական» չի նկատեր եւ պարտադիր բնոյթ չունի: Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ Թունուզի կեցուածքը հիմնուած է արաբական միացեալ աշխատանքին նկատմամբ անոր նախանձախնդրութեան վրայ եւ իր ժողովի աւարտին խորհուրդին որդեգրած հաւաքական կեցուածքի ծիրին մէջ է, իսկ Թունուզ այս առիթով կու...

Թուրքիա Եւրոպա Հասած Գաղթականները  Վերընդունելու Համար Նախապայման Կը Ճշդէ

Թուրքիա Եւրոպա Հասած Գաղթականները Վերընդունելու Համար Նախապայման Կը Ճշդէ

Վոլքան Պոզքըր Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարար, աւագ բանագնաց Վոլքան Պոզքըր յայտարարեց, որ իր երկիրը Եւրոպա հասած գաղթականները վերընդունելու համաձայնութիւնը պիտի գործադրէ յունիս 2016-ին` նշելով, որ իր երկիրը իրաւունք ունի համաձայնութիւնը խզելու, եթէ Եւրոպական Միութիւնը յառաջիկայ հոկտեմբերին Թուրքիոյ քաղաքացիներուն Եւրոպական միութեան երկիրներ մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը չջնջէ: Ան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը հասկցուի...

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Մերժած Է Կիպրոսի Մէջ Սուրճ  Խմելու Չաւուշօղլուի Հրաւէրը

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Մերժած Է Կիպրոսի Մէջ Սուրճ Խմելու Չաւուշօղլուի Հրաւէրը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին առջեւ յայտարարած է, որ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիաս մերժած է Կիպրոսի մէջ սուրճ խմելու իր հրաւէրը` նշելով. «Այդ մէկը կատարելու պատրաստ չեմ»: Չաւուշօղլու Քոցիասին առաջարկած է միասնաբար մեկնիլ Կիպրոսի հարաւը եւ ճաշել կղզին երկուքի բաժնող կանաչ գիծին վրայ: Չաւուշօղլու մեկնաբանելով իր յոյն պաշտօնակիցին պատասխանը յայտնեց, որ ըստ...

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի  Նախագահութիւնը Կ՛աջակցի Սուրիոյ Մէջ  Դաշնակցային Դրութեան Հաստատման Գաղափարին.  Սպիտակ Տունը Սուրիոյ Մէջ Բոլոր  Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Զինադուլը

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Նախագահութիւնը Կ՛աջակցի Սուրիոյ Մէջ Դաշնակցային Դրութեան Հաստատման Գաղափարին. Սպիտակ Տունը Սուրիոյ Մէջ Բոլոր Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Զինադուլը

Ճոշ Ըռնեսթ Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու դադրեցումը նպաստած է երկրին մէջ բաժնուող մարդասիրական օժանդակութիւններու յաւելման: Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց օժանդակութեանց մատակարարումը դիւրացնելու համար յարգելու զինադուլը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ վերջին երեք օրուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ զինադուլը 31 անգամ խախտուած է: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա...

Ալճերիա Եւ Ռուսիա Կը Մերժեն Հըզպալլան  Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Նկատող  Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդի Որոշումը

Ալճերիա Եւ Ռուսիա Կը Մերժեն Հըզպալլան Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Նկատող Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդի Որոշումը

Ռամթան Լամամրա Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռամթան Լամամրա յայտարարեց. «Ալճերիական իշխանութիւնները պաշտօնապէս անհամաձայնութիւն կը յայտնեն Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատող Ծոցի երկիրներու յայտարարած որոշումին»: «Հըզպալլան Լիբանանի մէջ քաղաքական գործունէութիւն ունեցող շարժում մըն է, եւ Ալճերիան քոյր երկիրներու ներքին հարցերուն չի միջամտեր», նշեց Լամամրա: Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Միխայիլ Մարկիլով յայտնեց, որ «Հըզպալլան ահաբեկչական նկատելը ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան չի ծառայեր»`...

Պոլսոյ Մէջ Երկու Կին Յարձակում  Գործեցին Ոստիկանութեան Շէնքի Վրայ

Պոլսոյ Մէջ Երկու Կին Յարձակում Գործեցին Ոստիկանութեան Շէնքի Վրայ

Թուրքիոյ մէջ արգիլուած ձախակողմեան Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատի անդամ երկու կիներ երէկ առաւօտեան յարձակում գործեցին Պոլսոյ Պայրամփաշա շրջանին մէջ գտնուող ոստիկանատան վրայ: Յարձակումին պատճառով երկու ոստիկաններ վիրաւորուեցան: Ոստիկանութիւնը զինեալները հետապնդելով զանոնք պաշարեց շէնքի մը մէջ: Պոլսոյ կառավարիչ Վասիփ Շահին յայտարարեց, որ բախումներուն ընթացքին երկու զինեալներն ալ սպաննուած են: Հաղորդուեցաւ, որ սպաննուած կին զինեալներն են Պեռնա Եըլմազ եւ Չիղիտեմ Եահշի: Ըստ...

«Թուրքիա Պէտք Է Գաղթականներու  Եւրոպա Հոսքը Նուազեցնելու Միջոցներու Ձեռնարկէ»  Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

«Թուրքիա Պէտք Է Գաղթականներու Եւրոպա Հոսքը Նուազեցնելու Միջոցներու Ձեռնարկէ» Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

Ալեքսիս Ցիփրաս Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի հետ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Անգարա պէտք է ընդունի այն միջոցները, որոնք 7 մարտին Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա վեհաժողովին ընթացքին պիտի մշակուին Եւրոպա գաղթականներու հոսքը նուազեցնելու համար: «Յառաջիկայ բարձր մակարդակի հանդիպումին պէտք է մշակել միջոցներ, որոնք պէտք է ընդունուին Թուրքիոյ կողմէ գաղթականներու հոսքը նուազեցնելու համար», յայտարարեց Ցիփրաս:...

Բողոքելով Կառավարութեան  Կրթական Քաղաքականութեան Դէմ`  Հունգարացի Ծնողներ Կը Մերժեն Իրենց Զաւակները Դպրոց Ուղարկել

Բողոքելով Կառավարութեան Կրթական Քաղաքականութեան Դէմ` Հունգարացի Ծնողներ Կը Մերժեն Իրենց Զաւակները Դպրոց Ուղարկել

Հունգարիոյ մէջ հազարաւոր ծնողներ մերժեցին իրենց զաւակները ուղարկել դպրոց` բողոքելով կառավարութեան կրթական քաղաքականութեան դէմ: Բողոքի ցոյցին պատճառով երկրի տարածքին մասնաւորաբար երկրորդական դպրոցներու մէջ աշակերտներու ներկայութեան պատկերը ազդուեցաւ: Երկու շաբաթ առաջ, տասնեակ հազարաւորներ մասնակցեցան մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ ուսուցիչներու բողոքի ցոյցին` ընդդէմ կրթական բարեկարգումներուն, որոնք կը նախատեսեն կրթական համակարգի չափազանցուած կեդրոնականացում, ուսուցիչներու վարչական պարտականութիւններու յաւելում եւ դպրոցական դասագիրքերու ընտրանքներու նուազում:  

Յորդանանի Իրպիտ Քաղաքին Մէջ  Ապահովական Գործողութիւն`  Սալաֆական Խմբաւորումի Մը Դէմ

Յորդանանի Իրպիտ Քաղաքին Մէջ Ապահովական Գործողութիւն` Սալաֆական Խմբաւորումի Մը Դէմ

Յորդանանեան ապահովական ուժերը երէկ առաւօտեան ժամը 3:00-ին հիւսիսային Յորդանանի Իրպիտ քաղաքին մէջ սալաֆական խմբաւորումի մը դէմ կատարեցին գործողութիւն մը, որուն ընթացքին ապահովական ուժերէն արձանագրուեցաւ զոհ մը եւ երկու վիրաւոր: Սպաննուեցան 7 զինեալներ: Յորդանանեան ապահովական ուժերը հետագային յաւելեալ ուժեր բերին շրջան եւ ձերբակալեցին շուրջ քսան սալաֆական զինեալներ: Միւս կողմէ, ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ յորդանանեան գաղտնի սպասարկութիւնը երկրին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ...

Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդի  Երկիրները Հըզպալլան «Ահաբեկչական»  Նկատող Որոշում Մը Որդեգրեցին

Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդի Երկիրները Հըզպալլան «Ահաբեկչական» Նկատող Որոշում Մը Որդեգրեցին

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտել Լաթիֆ Զայանի յայտարարեց, որ խորհուրդը որոշած է Հըզպալլան, իր բոլոր ղեկավարներով, թեւերով եւ անոր առնչուած կազմակերպութիւններով միատեղ նկատել «ահաբեկչական կազմակերպութիւն»` նշելով. «Խորհուրդի անդամ երկիրները այս որոշումը որդեգրեցին այդ միլիսի անդամներուն` ահաբեկչական արարքներ գործելու համար Ծոցի երկիրներու երիտասարդները զինուորագրելուն, զէնքերու եւ պայթուցիկ նիւթերու մաքսանենգման, սադրանք հրահրելուն, քաոս ու բռնարարքներ գրգռելու, իրենց գերիշխանութեան, անվտանգութեան ու կայունութեան...

Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Նաւերուն Չէ Արտօնած  Մուտք Գործել Իր Ջրային Տարածքը

Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Նաւերուն Չէ Արտօնած Մուտք Գործել Իր Ջրային Տարածքը

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա ՕԹԱՆ-ի մարտանաւերուն չէ արտօնած մուտք գործել Եգէական ծովուն մէջ գտնուող իր ջուրերը: Դաշինքի մարտանաւերուն առաքելութիւնն էր Թուրքիայէն Յունաստան, ապա նաեւ եւրոպական այլ երկիրներ ապօրինի գաղթականներ փոխադրող նաւակները գրաւելը: Պրիւքսէլի մէջ քանի մը դիւանագիտական աղբիւրներ հաստատած են տեղեկութիւնը: Ըստ անոնցմէ մէկուն, ՕԹԱՆ-ի առաքելութեան նկատմամբ Անգարայի դիրքորոշումին մասին յայտնի դարձած է սկիզբէն: Թուրքիա կը պնդէ,...

Page 798 of 882 1 … 797 798 799 … 882

Արխիւներ