Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՀԵՇ Թրքական Հողամասերէն Եւ Թրքական Հրետանիի Օժանդակութեամբ Յարձակում Գործեց Թել Ապիատի Դէմ

February 29, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Tel-Abyad_022816

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին յարձակում գործած է Թել Ապիատի դէմ, ուր բուռն բախումներ ունեցած է քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերուն հետ: Դիտարանը կը նշէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները քաղաք ներթափանցած են, մինչ թրքական հրետանին կը ռմբակոծէր շրջանին մէջ քրտական ուժերուն դիրքերը, իսկ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային ուժերը իրենց կարգին ռմբակոծած են յարձակում շղթայազերծած ՏԱՀԵՇ-ի ուժերուն դէմ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լաթաքիոյ Հումայեմ ռազմակայանին մէջ գտնուող ռուսական ապահովական համակարգումի կեդրոնը ստացած է տեղեկութիւններ, թէ Թուրքիան Թել Ապիատի դէմ յարձակում մը գործած է: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Մոսկուա հարցին շուրջ բացատրութիւն պահանջելու համար կապ հաստատած է Ամմանի մէջ ամերիկեան գործողութիւններու գրասենեակին հետ: Ըստ ռուսական կողմին, շուրջ հարիւր զինեալներ Թուրքիայէն մուտք գործած են Սուրիա եւ այլ ծայրայեղականներու օժանդակութեամբ գրաւած Թել Ապիատի հիւսիսային բաժինը:

Նշենք, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը յաջողեցան ետ մղել յարձակումը եւ ՏԱՀԵՇ-ի 70 զինեալներ սպաննել: Քրտական ուժերը յայտնեցին, որ ՏԱՀԵՇ Թել Ապիատի եւ Սուլուք գիւղին դէմ յարձակում գործած է Թուրքիոյ եւ Ռաքքայի կողմէն:

ՏԱՀԵՇ քրտական ուժերուն հետ բախումներէ ետք յաջողած է գրաւել Համամ Թուրքիմեն եւ Քանթարա գիւղերը:

Հակառակ ռուսական համակարգումի կեդրոնի այն յայտարարութեան, թէ զինադուլը կը շարունակէ ընդհանուր առմամբ մնալ ամուր, անցնող 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցան զինադուլի 9 խախտումներ, որոնցմէ 6-ը` Դամասկոսի մէջ: Կեդրոնը նշեց, որ զինեալ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէ հրթիռներ արձակուած են Դամասկոսի դէմ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իրենք կը ջանան Սուրիոյ մէջ զինադուլը գործադրել, սակայն զինադուլի ոչ ամբողջական գործադրութեան նշաններ գոյութիւն ունին` նշելով, որ կարգ մը շրջաններու մէջ զինադուլը կը գործադրուի, իսկ ուրիշներու մէջ` ոչ:

Էրտողան նշեց, որ Լաթաքիոյ շրջանին մէջ պետութիւն հաստատել փորձողներ կան, եւ իրենք աշխատանք պիտի տանին անոնց փորձը ձախողութեան մատնելու: ՍԱՆԱ երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ շրջանին մէջ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներ հրասանդներէ արձակուած ռումբերով եւ հրթիռներով ռմբակոծած են Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղական շարք մը շրջաններ` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր երէկ յայտարարեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իշխանութենէն կա՛մ խաղաղութեամբ պիտի հեռանայ, կա՛մ ալ բռնի ուժով»` աւելցնելով. «Պաշշար Ասատ նոր Սուրիոյ մէջ տեղ չունի»:

«Եթէ սուրիական վարչակարգին ու անոր դաշնակիցներուն կողմէ լուրջ վերաբերմունք չըլլայ, ապա Սուրիոյ համար գոյութիւն ունի առանց Ասատի այլընտրանքային ծրագիր մը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եթէ Միջազգային դաշինքը որոշէ ցամաքային ուժեր ուղարկել Սուրիա, ապա Սէուտական Արաբիան պատրաստ է ատոր մասնակցելու»:

Նախորդը

Ըստ Նախնական Արդիւնքներուն. Բարեկարգչականները Ապահոված Են Թեհրանի Ընտրատարածքին Բոլոր Աթոռները

Յաջորդը

Քլինթըն Սաութ Քարոլայնայի Մէջ Մեծ Յաղթանակ Արձանագրեց

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.