
«Քորրեսփոնտենթ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց գերմանական «Վելթ ամ Մոննթակ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին հարցականի տակ դրած է Թուրքիոյ հետ հոկտեմբեր 2016-էն սկսեալ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան սահմանումը:
Ան յայտնած է, որ Պրիւքսէլ կը սպասէ, որ մինչեւ Անգարայի հետ մուտքի արտօնագիրի դրութեան ազատականացման մասին Եւրոպական Միութեան որոշումին որդեգրումը, Թուրքիան յառաջընթաց ցոյց տայ տուեալներու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նման մարզերու մէջ բարեփոխումներու իրականացման հոլովոյթին մէջ:
«Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ համապատասխան օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ սահմանելու մասին բանավէճերուն պէտք է անյապաղ սկսիլ: Եթէ ատիկա տեղի չունենայ, եւրոպական հիմնարկները չեն կրնար այլեւս հետեւիլ յայտարարուած ժամկէտներուն: Այդ պարագային ես չեմ պատկերացներ, թէ ինչպէ՛ս կարելի պիտի ըլլայ հոկտեմբերին առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւն սահմանել Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար», ընդգծած է ան:
Շուլց նաեւ քննադատած է սպառնալիքները, որոնք նախապէս կատարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` յայտարարելով, որ Անգարա կրնայ խզել Եւրոպական Միութեան հետ գաղթականներու հարցով համաձայնութիւնը:
Շուլցի կարծիքով` սպառնալիքները «պատշաճ քաղաքական գործելաոճ» չեն, իսկ այդպիսի արտայայտութիւններ ոչ միայն «պիտի չազդեն եւրոպացիներուն վրայ», այլ նաեւ պիտի յանգեցնեն հակառակ արդիւնքին:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ ամօթալի կը նկատէ այն յայտարարութիւնները, թէ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան պիտի անդամակցի 3000 թուականէն ոչ առաջ:
Թրքական «Հապեր7» կայքը կը հաղորդէ, որ Քուրթուլմուշ ըսած է. «Եթէ ոեւէ մէկը կը պնդէ, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը պիտի շարունակուի մինչեւ 3000 թուական, ապա ատիկա ամօթալի է ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ անոնց համար, որոնք այդպիսի միտքեր կ՛արտայայտեն»:
Ըստ անոր, եւրոպացի քաղաքական գործիչներուն նախ պէտք է հարցնել, թէ 30 տարի ետք Եւրոպական Միութեան ի՛նչ պիտի պատահի: «Մենք կը կատարենք մուտքի արտօնագիրի դրութեան ազատականացման հարցին մէջ մեր ստանձնած պարտաւորութիւնները: Սակայն պիտի ուզէինք ընդգծել, որ Թուրքիան երբեք ալ Եւրոպական Միութենէն կախեալ չէ», ըսած է Թուրքիոյ փոխվարչապետը:
Յիշեցնենք, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտարարած էր, որ բանակցութիւններու այսպիսի դանդաղ կշռոյթով Թուրքիան Եւրոպական Միութեան պիտի անդամակցի 3000 թուականէն ոչ աւելի կանուխ: Ան յիշեցուցած էր, որ Բրիտանիան, ինչպէս Միութեան մնացեալ անդամները, իրաւունք ունի վեթոյի ենթարկելու նոր պետութիւններու Եւրոպական Միութեան միանալու հարցը:


