
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հաստատած է, որ տարւոյն երկրորդ կիսու սկիզբը Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութին, Հասան Ռուհանի եւ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ պիտի ունենան հանդիպում մը:
«Այո՛ այդպիսի հանդիպման համար պատրաստութիւն կը տարուի, եւ երբ թուականներուն շուրջ վերջնական համաձայնութիւն գոյանայ, եւ անոնք հաստատուին, մենք պիտի յայտարարենք այդ մասին», ըսած է Փեսքով:


