Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Եիղիթ Պուլութ յայտարարած է, որ Թուրքիան կրնայ դադրեցնել Եւրոպական Միութեան հետ իր բոլոր համաձայնագիրները, ներառեալ անոնք, որոնք կը վերաբերին մաքսային միութեան, եթէ Պրիւքսէլ Անգարայի հետ բանակցութիւններուն մէջ շարունակէ երկակի չափանիշերու քաղաքականութիւնը:
Թուրքիան Եւրոպական Միութեան հետ մաքսային միութեան համաձայնագիրը ստորագրած է 1996-ին: Վերջերս Անգարան կը փորձէ իրեն ձեռնտու կերպով վերատեսութեան ենթարկել այդ համաձայնագիրը: