
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երեք ականահարումներ հարուածած են Թարթուս քաղաքը, ուր արձանագրուեցան աւելի քան 80 զոհ: Իսկ Լաթաքիոյ գիւղական շրջանի Ժապլէ քաղաքին մէջ միաժամանակ երկու ականահարումներ տեղի ունեցած են:
Թարթուսը հարուածած ականահարումները Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր իրենց տեսակին մէջ առաջինն էին: Ժապլէն եւ Թարթուսը հարուածած ականահարումները հաւասարապէս թիրախ դարձուցին փոխադրակառքերու կայարաններ:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի մեկնաբանելով ականահարումները «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Այս դէպքերուն ետին թրքական, ծոցի, սէուտական եւ քաթարական դերակատարութիւն գոյութիւն ունի»:


