«Կազեթա.ռու» կը հաղորդէ, որ Ամերիկեան նացիական կուսակցութեան ղեկավար Ռաքի Սուհայտա իր աջակցութիւնը յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփին:
Սուհայտա իր ձայնասփիւռի հաղորդումին ծիրին մէջ յայտնած է. «Թրամփի յաղթանակը իսկական առիթ մը պիտի ըլլայ սպիտակամորթ ազգայնականներուն համար»:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ նախապէս Մեքսիքայի նախագահը Թրամփը նմանցուցած էր Ատոլֆ Հիթլերին` անոր ցեղապաշտական արտայայտութիւններուն պատճառով:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 8 նոյեմբերին: