Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը նշէ, որ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն նախկին պաշտօնատար մը կոչ ուղղած է մարտանաւերը ուղարկելու` Միջերկրականն ու Ատլանտեան ովկիանոսը իրարու միացող նեղուցին հսկող եւ տասնամեակներէ ի վեր բրիտանական գերիշխանութեան տակ եղող Ժիպրալթարը պաշտպանելու համար:
Լուք Քոֆի անունով նախկին պետական պաշտօնատարը, որ ներկայիս Արտաքին քաղաքականութեան ուսումնասիրութեան «Ալիսըն» հետազօտական կեդրոնին տնօրէնն է, յայտնած է, որ Բրիտանիան պէտք է այդտեղի գերիշխանութեան եւ բոլոր իրաւունքներուն իր կառչած ըլլալուն շուրջ Ժիպրալթարի իր քաղաքացիներուն մտավախութիւնները փարատէ:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Իպերիոյ թերակղզիի հարաւի ծայրամասը գտնուող շրջանը, ուր կը բնակին 30 հազար քաղաքացիներ, բազմիցս քուէարկած է մնալու Բրիտանիոյ գերիշխանութեան տակ, սակայն Սպանիա կը ջանայ քաղաքին վրայ միացեալ գերիշխանութիւն մը պարտադրել: