Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժապհաթ Նուսրա Հալէպի Պաշարման Խզումը Կը Յայտարարէ

August 8, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Jabhat-Nusra_80716

«Պի.Պի.Սի.», «Եուրոնիուզ» եւ «Մայատին» հաղորդեցին, Ժապհաթ Նուսրա յայտարարած է, որ խզած է ընդդիմադիր զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող արեւելեան Հալէպի` սուրիական բանակին կողմէ պաշարումը:

Ժապհաթ Ֆաթհ Շամ, որ նախապէս ծանօթ էր Ժապհաթ Նուսրա անունով, հրապարակեց լուսանկարներ փաստելու համար, թէ ձեռք ձգած է սուրիական բանակին պատկանող զէնքեր:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանէն Ռամի Ապտել Ռահման յայտնեց, որ անոնք կրցած են պաշարումը խզել, սակայն ճամբան «տակաւին ամբողջովին ապահով չէ»: Կառավարական աղբիւրներ նշեցին, որ զինեալները աւելի քան 500 զոհ եւ հազարաւոր վիրաւորներ տալէ ետք յաջողած են բանալ զինուորական նեղ միջանցքը, որ թիրախ կը դառնայ սուրիական բանակի տարբեր տրամաչափի զէնքերու կրակոցներուն:

Սուրիական կառավարութեան մօտիկ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ ռուսական եւ սուրիական օդուժերը իրերայաջորդ յարձակումներ կը գործեն այն դիրքերուն վրայ, ուր յառաջացած են իսլամական զինեալները, մասնաւորաբար Քուլիաթ Թասլիհի վրայ, որ գետնի հաւասար դարձած է:

Քրտական աղբիւր մը կը յայտնէ, որ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ եւ Սաքան Շապապի շրջաններուն մէջ գտնուող քրտական ուժերը պատրաստ են դիմակայելու Ժապհաթ Նուսրայի յարձակումին:

«Եուրոնուզ» նշեց, որ եթէ ընդդիմադիր ուժերը յաջողած են կապ հաստատել արեւելեան Հալէպի հետ, կառավարութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող արեւմտեան Հալէպի եւ Դամասկոսի ճամբան փակուած պիտի ըլլայ:

Մինչ այդ, քիւրտ եւ արաբ զինեալներ յաջողեցան գրաւել երկու տարի առաջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ գրաւուած Մանպիժ քաղաքին 90 առ հարիւրը:

 

 

Նախորդը

Սքոփիէի Մէջ Յորդառատ Անձրեւները Պատճառեցին 20 Զոհ

Յաջորդը

«Պաքուի Եւ Թեհրանի Միջեւ Յարաբերութիւնները Կը Զարգանան Արագ Կշռոյթով» Կ՛ըսէ Ալիեւ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Մինչեւ Յունուարի  Վերջ Ֆինանսաւորումը Ապահովուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Մինչեւ Յունուարի Վերջ Ֆինանսաւորումը Ապահովուած Է»

November 26, 2026
Ձախակողմեան Ժողովրդավարներ  Կուսակցութիւնը Այզենքոթի Հետ  Բանակցութիւններու Առկախումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Ձախակողմեան Ժողովրդավարներ Կուսակցութիւնը Այզենքոթի Հետ Բանակցութիւններու Առկախումը Յայտարարեց

November 26, 2026
Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։