Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Թուրքիոյ Արտածողներու խորհուրդի անդամներուն հետ խորհրդակցական ժողովի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ շրջանի այլ երկիրներուն մէջ պիտի արձանագրուին դրական զարգացումներ:
«Այսուհետեւ Թուրքիան շրջանի երկիրներուն հետ աւելի սերտօրէն պիտի աշխատի` լուծելու համար շրջանի խնդիրները, նախ եւ առաջ Սուրիոյ մէջ: Եւ ինչպէս Իսրայէլի հետ մեր հարցերը լուծեցինք, ինչպէս Ռուսիոյ հետ հարցերը վերադարձուցինք իրենց ճիշդ հունին, ականատես պիտի դառնանք Սուրիոյ եւ շրջանի այլ երկիրներուն հետ դրական զարգացումներու: Այդ փուլը սկսաւ, ատոր քայլերը առնուեցան, եւ միասնաբար պիտի տեսնենք ատոր արդիւնքը», նշեց Եըլտըրըմ:
Ան շեշտեց, որ աւելի լաւ է, որ շրջանի երկիրները իրենք վերլուծեն եւ լուծում գտնեն շրջանի հարցերուն, որովհետեւ «տեսանք, թէ ի՛նչ պատահեցաւ շրջանէն հեռու ըլլալնուն պատճառով հարցերու մանրամասնութիւններուն ծանօթ չեղողներու դերակատարութեան պատճառով` Սուրիոյ մէջ 500 հազար անմեղ մարդ սպաննուեցաւ, իսկ Թուրքիան 3 միլիոն սուրիացի հիւրընկալեց»:
Եըլտըրըմ նշեց, որ Թուրքիոյ նման առանցքային երկիրներ շրջանի հարցերու լուծումէն հեռու պահելը այդ հարցերէն անտեղեակ ըլլալու մասին վկայելէն աւելի կը նշանակէ, թէ անոնց վերջ տալու փափաք գոյութիւն չունի: