ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակի հրամանատարութենէն աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ սուրիական բանակը եւ անոր դաշնակիցները 11 օգոստոսին Հալէպ քաղաքի հարաւային ճակատին վրայ ձեռնարկած են յարձակողական գործողութիւններու:
Ըստ աղբիւրին, սուրիական բանակը հակառակորդին դէմ յարձակում շղթայազերծած է Ռամուս, Մշրեֆ, Մաքլիա, Սուք Ժապաս արուարձաններուն եւ Ռայիտինի մէջ: Կառավարական ուժերը յաջողած են շարք մը տեղերու մէջ նպաստաւոր դիրքեր գրաւել` այնտեղէն դուրս մղելէ ետք զինեալները:
Կատաղի մարտեր տեղի կ՛ունենան քաղաքին հարաւը` զինուորական ուսումնարաններու համալիրին մօտ, որ զինեալներու կողմէ գրաւուած էր անցեալ շաբաթ:
Հալէպի մէկ այլ շրջանին մէջ կատարուած գործողութեան ընթացքին սպաննուած է Ժէյշ Մուժահիտին խմբաւորումի վարձկաններու ղեկավարներէն Եուսեֆ Զաւաան: