Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ այսօր Թեհրանի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի հետ:
Կը նախատեսուի, որ անոնք քննարկեն միջազգային ու շրջանային հարցեր, մասնաւորաբար Սուրիոյ տագնապը: Պոկտանով նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ իր պաշտօնակից Հուսէյն Ժապեր Անսարիի հետ:
Նշենք, որ Իրանի խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնախումբի ներկայացուցիչ սէյիտ Հուսէյն Նաքաուի երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր է Ռուսիոյ հետ գործակցաբար հիւլէական երկու նոր կայաններ կառուցել: