Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Մէջ Տեղակայուած Ռուսական Ռմբաձիգներ Սուրիոյ Մէջ Հարուածեցին Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Դիրքերը

August 17, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Tupolev-22M3_81616

Երէկ հաղորդուեցաւ, որ Ռուսիոյ օդուժի իրենց տեսակին մէջ մեծագոյններէն եղող «Թու-22 Էմ3» տիպի հեռահաս ռմբաձիգներ հասած են Իրանի Համատան օդակայան` մասնակցելու Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ կատարուող յարձակումներուն: Իրանի մէջ տեղակայուած են նաեւ ռուսական օդուժի «Սու-34» տիպի կործանիչներ, որոնց պարտականութիւնը «Թուփոլեւ»-ներուն ընկերակցելով անոնց անվտանգութիւնը ապահովելն է:

Աւելի ուշ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իրանի մէջ տեղակայուած ռմբաձիգները ռմբակոծած են Հալէպի, Տէր Զօրի եւ Իտլիպի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Ֆաթհ Շամի (նախապէս` Ժապհաթ Նուսրա, «Ա.») դիրքերը, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ անոնց պատկանող զինապահեստանոցներ եւ մարզումի ճամբարներ:

«Ռոսիա-24» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ռուսական ռմբաձիգներուն Իրանի մէջ տեղակայումը կ՛արտօնէ անոնց թռիչքի ժամանակը 60 առ հարիւրով նուազեցնել եւ անոնց կրելիք ռումբերը աւելցնել:

Նշեալ ռմբաձիգները նախապէս թռիչք կ՛առնէին Հիւսիսային Օսեթիայէն եւ Սուրիա հասնելու համար կը կտրէին 2100 քիլոմեթր, իսկ այժմ այդ հեռաւորութիւնը նուազած է 900 քիլոմեթրի:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ յայտարարեց. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ մեր բոլոր ռազմակայանները պիտի դնենք Ռուսիոյ տրամադրութեան տակ»:

Մինչ այդ, ռուսական ծովուժը երկուշաբթի օր Կասպից ծովուն մէջ սկսաւ ռազմափորձի մը, որուն կը մասնակցին հեռահաս «Քալիպըր» տիպի հրթիռներով զինուած մարտանաւեր:

Ռուս դիւանագէտ մը նախապէս յայտնած էր, որ իր երկիրը Իրաքի եւ Իրանի իշխանութիւններէն խնդրած է, որ «Քալիպըր»-ներուն արտօնեն իրենց օդային տարածքէն անցնիլ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու «Ռոսիա 24»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններ կը կատարէ Հալէպի մէջ ահաբեկիչներու դէմ միացեալ գործողութեան շուրջ, եւ կողմերը մօտ են համաձայնութիւն գոյացնելու:

Նախորդը

«Ռուսիան Ամենայն Անկեղծութեամբ Կը Ձգտի Վերականգնելու Եւ Զարգացնելու Յարաբերութիւնները Բարեկամ Թուրքիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Փութին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.