ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկիրը ամենայն անկեղծութեամբ կը ձգտի Թուրքիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու վերականգնման ու զարգացման:
«Մենք ամենայն անկեղծութեամբ կը ձգտինք վերականգնելու լիարժէք յարաբերութիւնները բարեկամ Թուրքիոյ հետ, երկիր մը, որուն հետ նախորդ բազմաթիւ տարիներուն ընթացքին ձեւաւորուած ու հաստատուած են համագործակցութեան բացառիկ յարաբերութիւններ», ըսած է ան:
«Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի` Ռուսիա կատարած վերջին այցելութիւնը հաստատեց մեր փոխադարձ տրամադրուածութիւնը լիարժէք աշխատելու ո՛չ միայն մեր երկկողմանի կապերը վերականգնելու, այլ նաեւ զարգացնելու ուղղութեամբ», աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը: